Որոնողը

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ

Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՛հ, այն ատեն ես կը մեռնի՛մ…:
Պ. ԴՈՒՐԵԱՆ

Երբ կ՛անդրադառնամ, որ քառասուն օրեր անցեր են անոր անվերադարձ մեկնումէն, իմ մէջս կը բացուի այն խոր յուշամատեանը, ուր տակաւին կը շնչեն տպաւորութիւնները մեր փոխյարաբերութեան: Ակամայ կը տարուիմ պատկերներով, որոնք մէկիկ-մէկիկ կը տողանցեն` դարձեալ պատմելով իրենց բովանդակութեան մասին: Վերյիշելով պահերն այդ, դժուար է անդրադառնալ անձի մը, զոր ճանչցած ես իր իսկութեամբ, նկարագիրով եւ աշխարհընկալումով, որոնց ներքին հոլովոյթը մարմնաւորուած եւ դրոշմուած են իր քերթուածներով:

Մեր ծանօթութիւնը սկսաւ 2004-ին, երբ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ի պատիւ իր գրական վաստակին կազմակերպեց դասախօսական երեկոյ մը: Երկու գրչակիցներու կամրջումը ստեղծեց անկաշկանդ մթնոլորտ մը, մօտէ՛ն շարունակելու համար մեր կապերն ու զրոյցները, որոնք թափանցիկ էին:

Իրեն համար արտաքին աշխարհն ու բանաստեղծութիւնը երկու եզրեր էին, որոնց միջեւ կը տարուբերէր իր աշխարհընկալումին պատճառով: Մարդոց մէջ իր միակ որոնումը եղած է արդարութիւնը, սակայն յուսախաբ գրած.-

«Օ՜, աւանդել խղճի՞ դաս, արդարութի՞ւն, բարութի՞ւն,

Աւաղ, նայուածքդ ներհուն անշքացած է արդէն խորհրդատու իր երբեմնի իմաստէն…»:

Արտաքինէն փախուստի ելքը եւ միակ ապահով օթեւանը բանաստեղծութիւնն էր, որուն վսեմ թռիչքներն էին երկրային կապանքներէն բարձրանալն եւ երգելը տիեզերական գերագոյն արժէքներուն` բարիին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին, որոնց պէտք է ձգտի մարդը:

«Ո՞ւր փնտռել արդեօք Կորսուած հասցէն մնայուն արժանիքներու»:

Պատահաբա՛ր իմացայ մահուան գոյժը եւ մտածեցի, որ բոլոր բանաստեղծներն ալ առիթով մը կ՛անդրադառնան մահուան խորհուրդին` տարբեր տեսանկիւններէ, անոր մէջ տեսնելով կեանքի գոյութեան շարունակականութիւն մը: Որքա՜ն գեղեցիկ պատկերացում ու համոզում են իր այս տողերը:

«Մահը նախերգանքն է նոր երազի մը յայտնութեան,
Եւ պսակումը` վաղորդայնի մը յոյսին»:

Որքան որ ալ կեանքի իրականութեան հետ իր բախումը եղած է սաստիկ, իր հոգեկան լռութեան մէջ ծնունդ առած են իր քերթուածները, որոնք խորքի մը վսեմ արտացոլումներն են, իբրեւ ստորագրութիւն ձգուած հայ գրականութեան մէջ:

Սիրելի՛ Յակոբ, կեանքդ արժեւորած ես…:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES