Յակոբ Մանուկեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Hagop-ManouguianԿեանքի օրէնքները ընդհանրապէս համաձայն չեն մեր փափաքներուն, մեր մտորումներուն, մեր երազներուն եւ մեր ծրագիրներուն: Կեանքը ունի իրեն յատուկ օրէնքը, որուն առաջին բառը կը կոչուի ծնունդ, իսկ վերջին բառը` մահ: Բոլորս ալ կը հնազանդինք այս օրէնքին, ոչ թէ ուզելով, այլ` ակամայ:

Տարիները կը սահին ու կ՛երթան առանց մեր գիտակցութեան կամ մեր պահանջին: Երբեմն մահը կը հասնի անժամանակ, ըմբոստացնելով մեր իրեն դէմ, երբեմն ալ «ընդունելի» կ՛ըլլայ, երբ մահկանացուն բոլորած է իր 80 տարին: Կարծէք արտօնելի է ծերութեան տարիքին մեռնիլը, երբ նոյնիսկ չենք ուզեր բաժնուիլ մեր մեծ մայրերէն եւ մեծ հայրերէն: Աստուծոյ կամքն է կ՛ըսենք ու կը փակենք հաշիւը:

Լիբանանահայ բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեանի մահուան քառասունքին առիթով ունեցանք մտորումներ մահուան մասին: Յակոբ Մանուկեան 80 տարին չէր աւարտած տակաւին, բայց դաժան կեանքը եղաւ մահէն զօրաւոր եւ արագացուց յաւէտ մեկնումը այս տղուն, որ գրիչը տակաւին վար չէր դրած:

Յակոբ ծանօթ էր լիբանանահայ գրասէրներուն: Իր «ասպարէզ»-ը եղած էր բանաստեղծութիւնը, որուն «գաղտնի պարտէզներուն» մէջ ման եկած էր իր պատանի տարիներէն:

Յակոբ Մանուկեան ծնած է Պէյրութ, 1935-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, որուն մօտիկ ունէր իր տունը: Ուսման ծարաւ երիտասարդը շարունակեց իր ուսումը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք կարճատեւ ժամանակ մը եղաւ ուսուցիչ հայկական քանի մը վարժարաններուն մէջ: Իր աշխատանքի վերջին «կայանը» եղաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ուր ստանձնեց քարտուղարի եւ հաշուապահի պաշտօն: Յարգելի պաշտօնեայ մը եղաւ ան, ծառայեց մինչեւ տարիքի ընդունելի սահմանը, երբ դուրս եկաւ օդակայանէն: Արդէն Լիբանանի պատերազմը բռնկած էր, Յակոբ մնաց անգործ, երբ իր տակաւին աշխատելու եռանդը չէր մարած:

Յակոբ Մանուկեան շարունակեց իր գրական աշխատանքը: Բանաստեղծութիւններ ստորագրեց «Բագին» ամսագիրին, «Ազդակ» օրաթերթի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Հասկ» ամսագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ` մամուլի այլ էջերուն:

«Մելիտինեցի» գրական մրցանակ»-ի դատական կազմին որոշումով լոյս տեսաւ իր մէկ քերթողագիրքը` «Անրջական վաղորդայն» խորագրով:

Յակոբ հայերէնագէտ էր, ունէր բառամթերքի հարստութիւն, յաճախ բառակերտումի նորանոր բաղձանք: Իր ոճը դասականի կը նմանէր, բայց հեռու էր ընթերցողին մտորումներէն: Իր կայքը երթն էր, լուսնային եւ աստեղային լուսագնաց կապ մը, որ մնաց իր սիրած ճանապարհը:

Արձակ գրականութեան հետ հազուադէպ մտերմութիւն մը: Իր ապրումները եւ զգացական աշխարհին փոթորկումները կ՛արտայայտէր բանաստեղծութեամբ:

Այս իրողութիւնը հաւանաբար կու գար իր ապրած անբաղձալի կեանքէն: Յակոբ Մանուկեան չունեցաւ բնական կենցաղային երթ մը: Ամուսնութեամբ, չունեցաւ ցանկալի ընթացք մը: Բախտաւորուեցաւ աղջիկ զաւակով մը` Յասմիկ, որուն մայրական գուրգուրանքը ստանձնեց հօրաքոյրը` օրիորդ Լուսինը: Յասմիկ ստացաւ մինչեւ բարձրագոյն ուսում, բայց չճանչցաւ իր մայրը: Կեանքին դաժան մէկ պատկերն ալ այս է…

Խառնուածքով ընկերային տրամադրութիւններէ հեռու էր Յ. Մանուկեան, իր կեանքի ընկերը բանաստեղծութիւնն էր, հեռու էր այս աշխարհէն, հետեւաբար սիրեց առանձնութիւնը, այսուհանդերձ այս ուղղութիւնը ձեռնտու չեղաւ: Յակոբ դժգոհ էր իր շրջապատէն: Շուտ ընդվզող, բարձունքին վրայ մնալու տենդով, բարձունք, որ այնքան ալ դիւրահաղորդ չէր նման վիճակներու պարագային:

Յակոբ Մանուկեան աշխատակիցն էր «Ազդակ»-ի: Վերջին 5-6 տարիներու ընթացքին «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը անոր յանձնեց թերթին ստացած գիրքերուն ներկայացումը, զոր կը կատարէր խղճամտութեամբ:

Յակոբ կը սիրէր ոչ գովքը, ոչ ալ արդար քննադատութիւնը:

2014 թուականը բախտաբեր չեղաւ Յ. Մանուկեան բանաստեղծին համար: Նախ ունեցաւ աչքերու տկարութիւն (քաթարաքթ) բուժուեցաւ: Ապա արեան տկարութեան հարց: Բուժման եւ թաղման գործընթացին օգնեցին «Ազդակ»-ը, «ԱՖՀԻԼ» ԵՒ Լիբանանահայ գրողներու խմբաւորումը:

Մեր գրչեղբօր յիշատակին նուիրուած մեր այս անկեղծ «կենսագրականը» գուցէ ինք պիտի ուզէր գրել, ներկայացնելու համար իր կեանքին վերիվայրումները: Գրեցինք, որովհետեւ արուեստագէտ ծնունդներուն եթէ բարեացակամութեամբ հետեւինք, անոնք չեն դժբախտանար:

Հոգիիդ լոյս իջնէ բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեան:

13 յունիս 2014

Share this Article
CATEGORIES