Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Կոյր եւ հաշմանդամ հայ որբերու փոխադրութիւնը տոքթ.Քիւնցլերի միջոցով 1922-ին
1919-ին Հայաստանի մէջ ՄԱՆ-ի խնամքին տակ կը մնան եւ օրական կը կերակրուին 332,700 անձեր, 336 գիւղեր կը ստանան ալիւր եւ հագուստեղէն, ու կը պահուին 39 հիւանդանոցներ:
Զինադադարի հաստատումով հայկական գաւառներու վերականգնումի աշխատանքները կը սկսին, եւ Ամերիկայէն նաւով ՄԱՆ-ին կը հասնին մեծ քանակութեամբ մթերք, որ կը բաժնուի բոլոր գաւառներու մէջ` ՄԱՆ-ի պաշտօնէութեան ձեռքով:
Շուտով կը ծագի քեմալական շարժումը Թուրքիոյ մէջ: Դաշնակից պետութիւնները կը բանակցին Պոլսոյ սուլթանական պետութեան հետ եւ, վերջապէս, կը ստորագրուի Սեւրի դաշնագիրը, որ կ՛անդամահատէ Թուրքիան եւ կ՛ընդարձակէ Հայաստանի սահմանները` հասնելով մինչեւ Տրապիզոն, Պիթլիս, Երզնկա եւ Վան: Սակայն այս դաշնագիրը չի գործադրուիր, որովհետեւ դաշնակիցները չեն պարտադրեր սուլթանական իշխանութեան, եւ քեմալական շարժումի ղեկավարները կը դատապարտեն իրենց կառավարութիւնը ու կը մերժեն դաշնագիրը: Քեմալական ուժերը կ՛անցնին յարձակողականի` երեք ճակատներու վրայ, քաջալերուած պառակտուած Դաշնակից պետութիւններու իրավիճակէն: 1920-ի աշնան տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի վրայ յարձակումը, եւ կը կորսուին Կարսն ու Արտահանը, այսինքն Հայաստան կը կորսնցնէ իր հողամասին մէկ երրորդը: Ֆրանսացիները կը լքեն Կիլիկիան, եւ քեմալականները կը շարունակեն իրենց յառաջխաղացքը: Ի վերջոյ, 1921 հոկտեմբերին Անգարայի դաշնագիրով Կիլիկիան կը յանձնուի թուրքերուն, իսկ 1923-ի Լոզանի դաշնագիրով Դաշնակից պետութիւնները կը կորսնցնեն իրենց իրաւունքները, եւ իրենց բանակները դուրս կը նետուին Թուրքիայէն: Այս բոլոր իրադարձութիւններուն որպէս հետեւանք` Կիլիկիան կը պարպուի եւ 400,000 հայեր եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իր կաթողիկոսով, կը դառնան տարագիր: Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին գտնուող որբանոցներուն մէջ ապաստանած շուրջ 26,000 հայ որբերու ճակատագիրը կը մնայ հարցականի տակ:
7 փետրուար 1922-ին Հալէպի մէջ կը կայանայ հայ եւ ամերիկեան պատուիրակներու հանդիպումը: ՄԱՆ-ի կողմէ կը մասնակցի Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջանի վարիչ տնօրէն Մեքաֆիին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, իսկ հայերուն կողմէ` Սահակ Բ. կաթողիկոսին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` Հալէպի Քաղաքական ժողովի, Ազգային միութեան, Միջագետքի, Մարաշի եւ Այնթապի որբանոցներուն հոգաբարձութիւններու ներկայացուցիչները: Այս հանդիպումին միաձայնութեամբ կ՛որոշուի Կիլիկիոյ որբանոցներու հայ որբերը փոխադրել Սուրիա եւ Լիբանան:
Այս համաձայնութենէն ետք կը սկսի որբերու փոխադրութիւնը` տոքթ. Եագոպ Քիւնցլերի անմիջական հսկողութեամբ եւ տնօրինումով: Տոքթ. Քիւնցլեր 1900-էն ի վեր իբրեւ բժիշկ եւ միսիոնար գործած է Ուրֆայի եւ Տիգրանակերտի մէջ.արդարեւ, ան քաջածանօթ եղած է շրջանին եւ հայկական հարցերուն:
Ուրֆայէն, Տիգրանակերտէն, Խարբերդէն, Մարտինէն եւ Մալաթիայէն կը փոխադրուին մօտաւորապէս 9500 որբեր` շատ դժուար պայմաններու մէջ: Խարբերդի 5000 որբերուն փոխադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երեք ամիսներու ընթացքին, Ճարապլուս քաղաքի ճամբով, 130 փոխադրակառքերու միջոցով:
Լիբանանի մէջ ամերիկեան նպաստամատոյցի խնամքին տակ կը մնան 7473 որբեր` բաժնուած եօթը տարբեր որբանոցներու մէջ` Ճիւնիի, Մաամըլթէյնի, Զուք Միքայէլի, Նահր Իպրահիմի, Ղազիրի, Անթիլիասի եւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցներ:

800 հայ որբերէ խումբ մը 1922-ին
ՄԱՆ-ը Ղազիրի մէջ որբանոցի կողքին կը հաստատէ նաեւ հայ դեռատի աղջիկներու գորգագործարան մը, ուր կ՛աշխատին մօտ 100 հայ որբ աղջիկներ: Այս գորգագործարանը կը գործէ տնօրէնութեամբ տոքթ. Քիւնցլերի եւ հսկողութեամբ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի: 1924-էն 1925 Ղազիրի գորգագործարանի 100 հայ որբերը կը հիւսեն 18.5 ոտք երկարութեամբ եւ 11.5 ոտք լայնքով գորգ մը եւ 1926-ին զայն կը նուիրեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճի` որպէս երախտագիտութիւն ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀԻ ՈՐԲԵՐՈՒՆ կողմէ Ամերիկայի ժողովուրդին, որ ՄԱՆ-ի միջոցով մեծապէս օգտակար հանդիսացած էր հայ որբերուն:
Սուրիոյ մէջ ՄԱՆ-ի գլխաւոր որբանոցները հաստատուած են Հալէպ` 2500 որբերով, որոնք հաւաքուած են Մարաշէն, Այնթապէն, Խարբերդէն եւ Ուրֆայէն:
Յունաստանի մէջ ՄԱՆ-ը պատսպարած է 25,000 որբեր Աթէնքի, Փիրէայի, Սիրա կղզիի, Քորֆու կղզիի, Խալքիս կղզիի, Քեֆալոնիայի, Կորնթոսի եւ Օրոփոսի որբանոցներուն մէջ: Այս որբերը եկած են` Սեբաստիայէն, Մարզուանէն, Սամսոնէն, Տրապիզոնէն, Գոնիայէն եւ Զմիւռնիայէն:
ՄԱՆ-ը Պաղեստինի` Նազարէթի մէջ ունեցած է մէկ որբանոց:
1923-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը հռչակէ «Ոսկեղէն կանոնի կիրակի»-ն, որպէսզի ամէն տարուան 10 եւ 11 նոյեմբերին իւրաքանչիւր ընտանիք իր ճաշասեղանէն բաժին մը նպաստ հանէ ՄԱՆ-ին: «Ոսկեղէն կանոնի կիրակի»-ն կը յաջողի եւ մեծագումար նպաստ կը հասնի ՄԱՆ-ին:
Ի հետեւումն «Ոսկեղէն կանոնի կիրակի»-ին` Սահակ Բ. կաթողիկոս 1924-ի սկզբնաւորութեան կը հրատարակէ իր «Կարմիր կիրակի»-ի շրջաբերական թուղթը եւ կը յորդորէ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք մասնակցելու, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, ՄԱՆ-ի հանգանակութեան:
1928-ին ՄԱՆ-ը Ժիպէյլի որբանոցը կը ծախէ դանիական բարեսիրական ընկերութեան` 20,000 տոլարի:
1930-ին ՄԱՆ-ը իր բոլոր որբանոցները լուծարքի կ՛ենթարկէ, սակայն ոչ մէկ որբ մէջտեղ կը մնայ: Որբերը կը տեղաւորուին իրենց հարազատներուն եւ հայրենակիցներուն մօտ` Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան, Քանատա եւ Ամերիկա: 2500 որբեր կը տեղաւորուին Եգիպտոսի հայ գաղութին մէջ, 1500 որբեր` Ֆրանսայի մէջ, 2000 որբեր` Մակեդոնիոյ մէջ, 350 որբեր` Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին եւ Լեման լիճի լեռնալանջին վրայ Պընեէն գիւղին մէջ:
1930-ին ՄԱՆ-ը կը փոխարինուի «NEAR EAST FOUNDATION» անունով, որուն հիմնական նպատակը կ՛ըլլայ հետապնդել կրթական եւ մշակութային գործունէութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
ՄԱՆ-ի որբանոցներու լուծարքին ընթացքին Սահակ Բ. կաթողիկոսը, միշտ իր կողքին ունենալով Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսը, լայնածիր բանակցութիւններ կ՛ունենայ ՄԱՆ-ի պատասխանատուներուն հետ` ձեռք ձգելու համար Անթիլիասի որբանոցը` որպէս կաթողիկոսութեան նստավայր: Երկարաշունչ բանակցութիւններէ ետք, Սահակ Բ. կաթողիկոս կը յաջողի եւ 7 ապրիլ 1930-ին կը ստորագրուին Անթիլիասի կալուածներուն վարձակալութեան արձանագրութիւնները: ՄԱՆ-ը Սահակ Բ. կաթողիկոսին վարձու կու տայ Անթիլիասի որբանոցին կալուածները` հինգ տարուան համար, տարեկան մէկ ամերիկեան տոլար վճարումով` գործածելու համար զանոնք որպէս վարժարան` եկեղեցականներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան: Այս կարգադրութեամբ կաթողիկոսութիւնը կ՛ունենայ իր նստավայրը` նոր ու փայլուն ապագայի մը հեռանկարով: 13 օգոստոս 1930-ին Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս կ՛ըլլայ առաջին անձը, որ ոտք կը կոխէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նոր նստավայրը: Սահակ Բ. կաթողիկոս Հալէպէն վերջնականապէս Անթիլիաս կը փոխադրուի 23 սեպտեմբերին` ղեկավարելու համար սփիւռքի հայութիւնը եւ յատկապէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանութեան տակ գործող թեմերու հայութիւնը:
Կաթողիկոսարանի կալուածներու վարձակալութեան հինգ տարուան համաձայնագիրի վերջին ամիսներուն ՄԱՆ-ի պատասխանատուները վեհափառին կ՛առաջարկեն` կա՛մ գնել կալուածը եւ կա՛մ պարպել հողաշերտը անմիջապէս: Երկարաշունչ բանակցութիւններէ ետք ՄԱՆ-ը Անթիլիասի հողաշերտին վրայ կաթողիկոսութեան կեցութիւնը կ՛երկարաձգէ երկու տարիով` մինչեւ 30 ապրիլ 1937:
Սահակ Բ. կաթողիկոս եւ Պետրոս արք. կը դիմեն ժողովրդային հանգանակութեան, կը դիմեն հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն ամէն տեղ, որպէսզի գնեն եւ տիրանան հողաշերտին: 22 մարտ 1937-ին Սահակ Բ. կաթողիկոս նոր կոչ մը կ՛ուղղէ արտասահմանի հայութեան եւ նոյն օրը Անթիլիաս կը հասնի ապահովագրեալ նամակ մը: Վեհափառին կոչին կ՛ընդառաջէ եգիպտահայ ազգային մը, որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գնելու հողաշերտը եւ նուիրելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Յարգելի ազգայինը կը ստորագրէ «K»-ով միայն եւ իր ինքնութիւնը չի յայտներ: Հողաշերտը կ՛արժեւորուի 4000 անգլիական սթերլին ոսկիով: Բարերարը երկու հանգրուաններով կ՛ուղարկէ այս գումարը եւ իր վերջին նամակով կը բացայայտէ իր ինքնութիւնը` Սիմոն Գայըգճեան, որ գաղթած է Պոլիսէն Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս եւ կրտսեր եղբայրն է Մատթէոս Գայըգճեան եպիսկոպոսին: Հողաշերտը կը գնուի եւ կ՛արձանագրուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունին: Սահակ Բ. կաթողիկոս, Պետրոս արքեպիսկոպոսի ձեռամբ, Գահիրէի մէջ 17 փետրուար 1938-ին կը պարգեւատրէ բարերարներ տէր եւ տիկին Գայըգճեանները` ադամանդազարդ ոսկեայ «Կիլիկեան խաչ» շքանշանով: Սակայն ազգային բարերար Սիմոն Գայըգճեան դժբախտաբար կը մահանայ շքանշանը ստանալէն մէկ օր ետք, առանց տեսնելու կաթողիկոսարանի հողաշերտը:
(Շար. 3)

