Պրէօվէի Քննութիւնները Սկսան Հանդարտ Եւ Հեզասահ Մթնոլորտի Մէջ

1306brevetՊրէօվէի պետական քննութիւնները երէկ առաւօտեան պաշտօնապէս սկսան ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Քննութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 61 հազար աշակերտներ:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ շրջեցաւ կարգ մը դպրոցներ, ուր պրէօվէի աշակերտները սկսած են յանձնել իրենց քննութիւնները:

Պու Սաապ շեշտեց, որ պետական քննութիւնները հանգիստ ձեւով կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ քննութիւնները դժուար չեն, այլ պատրաստուած են պրէօվէի ուսումնական ծրագիրին մակարդակը պահելու համաձայն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին, որոնք կը հսկեն պետական քննութիւններուն, կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաքի, որ կազմակերպեց դպրոցները, հակառակ տիրող բարդ կացութեան:

Պու Սաապ նշեց, որ ծնողներուն միտքը պէտք է հանգիստ ըլլայ, որովհետեւ պետական քննութեան կեդրոններուն մէջ ամէն ինչ սովորական կերպով կ՛ընթանայ:

«Այն ուսուցիչները, որոնք բողոքի ցոյցեր կատարեցին, կը հսկեն քննութիւններուն ընթացքին, եւ այդ մէկը յաղթանակ է ուսուցչութեան ասպարէզին, ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն», ըսաւ ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ տակաւին շատ կանուխ է քննութիւններուն սրբագրութեան մասին խօսելու համար` մաղթելով, որ ոչ ոք մօտենայ իրեն եւ խնդրէ, որ ան ուսուցիչներուն վրայ ճնշում բանեցնէ սրբագրութեան առումով: «Այդ մէկը ուղղակիօրէն Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հետ պէտք է համադրել եւ այդ հարցը կը լուծուի աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումով», հաստատեց ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES