«Համանախագահները Ջանք Չեն Խնայեր Շփման Գիծին Վրայ Լարուածութեան Մեղմացման Համար» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար յայտարարած է, թէ տեղեկութիւն չունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումին մասին:
«Ես տեղեակ չեմ նախագահներուն հերթական հանդիպումին մասին, սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա չափազանց կարեւոր պիտի ըլլայ», ըսած է ան:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ արձանագրուած լարուածութեան` դիւանագէտը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ջանք չեն խնայեր ատիկա թոյլ չտալու համար:
«Մենք կը հաւատանք, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը քայլերու կը ձեռնարկեն շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար», յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
CATEGORIES Հայկական

