Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ 3-րդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 յունիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 3-րդ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Մըզհեր:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները իրենց կատարած առաջին մրցումին 73-66 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին յետ երկարաձգման: Իսկ երկրորդը արձանագրուեցաւ նախանցեալ օր` 67-59 արդիւնքով:
Աւարտականի մրցումին իր տոմսը կ՛ապահովէ այն խումբը, որ հինգ մրցումէն երեք յաղթանակ կ՛արձանագրէ:
Հետեւաբար, այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, այսօր իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ մրցումին, վաղը` կիրակի, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սաժես Պէյրութը:
Այժմ, երկու կազմերուն միջեւ մրցումը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ:

