Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կազմակերպեցէք երեկոյթ մը` ձեր բարեկամներուն հետ, ուրախ առիթ մը` միասնաբար տօնելու համար: Նման առիթները նկատի պէտք է առնէք միշտ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրոյ հարց եթէ ունիք, փորձեցէք հասկնալ դուք ձեզ եւ ձեր խօսակիցը, երկխօսութեամբ: Լուռ մնալով` ոչինչ կը ստանաք: Անկեղծ եղէք, կը շահիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամէն ինչ պիտի ընէք երկու խռոված բարեկամները հաշտեցնելու: Ձեր վերաբերումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եւ կողմերը գոհ պիտի ըլլան ձեզմէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բնութեան մօտիկ ըլլալը պիտի ուրախացնէ ձեզ այնպէս, ինչպէս որ պիտի ուրախանայիք, երբ սիրելի անձի մը հետ ըլլալիք: Բնութիւնը բարեկամ ըրէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս իրիկուն կրնաք զուարճանալ ձեր բարեկամներուն եւ սիրած անձերուն հետ. այսուհանդերձ, ձեր աչքին մէկը պէտք է ուշադիր ըլլայ ձեր ծախսին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ կը սիրէք պարել, պէտք է հետեւիք պարարուեստի դասընթացքի մը: Այս ձեւով կրնաք իրագործել արուեստի այս մարզին մէջ ձեր փափաքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրը հիանալի է ձեր ուզածը ընելու աշխատանքի մէջ: Ըրէք այնպէս, որ նշմարելի ըլլաք ձեր շրջանակին մէջ եւ նկատի առնուիք: Եղէք աշխատասէր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզի պիտի թելադրուի ըլլալ աւելի հասունցած գործունէութիւն կատարող: Դժուա՞ր է արդեօ՞ք: Անշուշտ ոչ: Մանկունակ մի՛ ըլլաք, այլ իմաստուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքին կարիքներուն կամ աշխատանքներուն մասնակցելու ջանք ըրէք` ձեր ժամանակէն մաս մը տրամադրելով անոր: Հեռու մի՛ մնաք պարտաւորութենէն: Անտարբեր մի՛ մնաք նման պարագայի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրուան ձեր աշխատանքային ծրագրին մէջ ամէնէն կարեւոր նկատեցէք ընտանիքին: Նախապատուութիւնը տուէք անոր: Սիրալիր եղէք ամէնուն հետ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքներուն կեդրոնացէք, գիտցէք ձեր ըրածին արժէքը, ուրիշ բաներու կարեւորութիւն մի՛ տաք: Որոշեցէք ձեր ծրագիրներուն իրագործումը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գոհ չէք ձեր աշխատանքէն, առանց ժամանակ կորսնցնելու` հեռացէք նոյն շրջանակէն, որ միօրինակ կը թուի ձեզի: Նորութիւն բերէք դուք ձեզի:

