50 Տարի Առաջ (16 Յունիս 1964)

Մուսա Լերան Ուսումն. Միութեան
10-Ամեակի Տօնակատարութիւնը
Այնճարի Մէջ

Տասնամեակէ մը աւելի գոյատեւող միութեանս կազմակերպած դաշտագնացութիւնը եւ տասնամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 7 յունիս 1964, կիրակի, Այնճարի դալարագեղ սրճարանին մէջ, հովանաւորութեամբ` բոլորէն սիրուած Այնճարի քաղաքապետ Յարութիւն Շերպեթճեանի:

Միութեանս վարչութիւնը ջանք չէր խնայած` կազմակերպելով այս աննախընթաց ընտանեկան դաշտագնացութիւնը: Պէյրութէն շուրջ 150-էն աւելի միութենականներ այդ օր օթոպիւսներով ժամանեցին տօնակատարութեան վայրը, գրեթէ նոյնչափ Այնճարի մեր հայրենակիցները եկած էին ողջունելու մեր այս ձեռնարկը:

Ժամը 3:00-ին, բոլոր հանդիսականները բոլորուեցան տօնակատարութեան շուրջ:  Պաշտօնական հիւրերուն համար զետեղուած էր պատուոյ սեղան մը ճիշդ բեմին առջեւ: Տօնակատարութիւնը վարող խօսնակը` Գրիգոր Նգրուրեան բացուած յայտարարեց տօնակատարութիւնը եւ հրաւիրեց վարչութեան կողմէ Ստեփան Տուտագլեանը, որ բացման խօսքը խօսի:

Վարչութեան ներկայացուցիչը հետեւեալ խօսքերով ամփոփեց իր խօսքը.

«Հայրենակիցնե՛ր, Միութեանս տասներկու տարուան գործունէութիւնը եթէ ամփոփենք, կ՛ունենանք բեղուն գործունէութեան շրջան մը, որ կարելի չէ նկատի չառնել: Տասերկու տարուան ընթացքին ունեցած ենք շուրջ 75-80 սաներ` ջամբելով հայեցի դաստիարակութիւն չքաւոր եւ ուշիմ հայորդիներու: Մուսա լերան անունը վառ պահած ենք բոլոր շրջանակներու մօտ, չքաւոր եւ հիւանդ հայրենակիցներու օգտակար եղած ենք նիւթապէս եւ բարոյապէս»:

Այնուհետեւ մեներգի եւ արտասանութեան բաժինը սկսաւ: Խօսք տրուեցաւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի տնօրէն Սարգիս Զէյթլեանին, որ խանդավառ ճառ մը խօսեցաւ` ծանրանալով թրքական խժդժութիւններուն վրայ, որոնց պատճառով Մուսա Լերան ժողովուրդը ապստամբեցաւ ու յաղթանակեց:

Այս խանդավառ մթնոլորտի ընթացքին ժամանեցին Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ընկերները` արժանանալով բուռն ծափահարութեանց: Ծափահարութիւնները դարձեալ բուռն եղան ժամանումովը պետական հայ երեսփոխաններուն` Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Խաչիկ Պապիկեանի, ինչպէս նաեւ` տոքթ. Ա. Ինճեճիկեանի: Ժողովուրդը շատ ուրախ էր եւ խանդավառ:

Անմիջապէս խօսք տրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Ուրֆալեանին: Ան իր խօսքերը խտացնելով` յայտարարեց.

«Նման յաճախակի հանդիպումներ միութենական կեանքի մէջ ոչ միայն օգտաշատ են եւ արդար` այլեւ ստիպողականութիւն մը»:

Բուռն ծափահարութիւններու ընդմէջէն Մովսէս Տէր Գալուստեան հրաւիրուեցաւ խօսելու: Խօսեցաւ յուզուած` տեսնելով իր շուրջը բոլոր այն մուսա տաղցիները, որոնք Մուսա Լերան քառասուն օրերը կը յիշեցնէին իրեն: Իր խօսքերը խտացնելով` յայտարարեց.

«Այս քաջարի ժողովուրդին վիճակուեցաւ ապստամբութիւն մը, որմէ ետք` Այնճարի անապատը: Սակայն իր աշխատունակութեամբ եւ բազմահարիւր զոհերու գնով, անապատը վերածուեցաւ ծաղկաստանի մը, մեծ աւանի մը, որուն համար պատիւ կը զգանք այսօր»:

Խօսք տրուեցաւ նաեւ, պետական հայ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանին, որ ըսաւ, թէ հոս եղած բոլոր արտայայտութիւնները ալ սրտէս խօսող արտայայտութիւններ էին:Աւելցնելիք ոչինչ ունիմ, ըսաւ Խ. Պապիկեան, կը մնայ ինծի ըսել առաւել եւս բարգաւաճի Այնճարը, դառնալով հայահոծ հայկական զուտ շրջան մը, որ պատիւ բերէ հայութեան»:

Օրուան խօսնակը` Գ. Նգրուրեան, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր խօսողներուն, իր խօսքը եզրափակեց. «Մուսա լեռցին պայքարեցաւ թուրքին դէմ` յաղթելով անոր, պայքարեցաւ Այնճարի անապատին դէմ` յաղթելով անոր, ու սկսած է պայքարիլ տգիտութեան եւ անգրագիտութեան դէմ: Շնորհիւ Մուսա Լերան Ուսանողական միութեան` անգամ մը եւս  պիտի յաղթանակէ ան:

Վերջին խօսողը եղաւ հոգաբարձութեան կողմէ Թ. Հապէշեան: Ան իր փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, քաղաքապետ Յարութիւն Շերպեթճեանին եւ բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին այս ձեռնարկը, աւելցնելով, որ` «Նման հանդիպումներ յաճախակի պէտք է դառնան հայրենակցական սէրը վառ պահելու համար»:

Վիճակահանութիւն մը տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ` քոքաբթի դրութիւն մը: Եղան նուիրատուութիւններ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին: Հետեւեալները մասնակցեցան նուիրատուութեան.

  Լ.Ո.
Անտրէ Թապուրեան 200
Խաչիկ Պապիկեան 200
Մովսէս Տէր Գալուստեան 100
Մովսէս Մախուլեան 200
Սարգիս Զէյթլեան 100
Փանոս Զէյթլեան 100
Ճապրա Թասլագեան 100
Տոքթ. Ա. Ինճեճիկեան 50
Ճորճ Աբէլեան 50
Յարութիւն Շերպեթճեան 50
Պետրոս Կենճիեան 25
Սառա Քերքեզեան 25
Էտմոն Թասլագեան 15
Անդրանիկ Գուճանեան 15

Դանիէլ Ապեսեան` 10 լ. ո., Վարդուկ եւ Մարօ Գազանճեաններ` 15 լ.ո., փոքրիկն Պետիկ Մախուլեան` 5 լ.ո., մի ոմն` 5 լ.ոսկի:

ՄՈՎՍԷՍ ՃԱՐԱՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES