Գիտական Հանելուկներ. Դիպուածով Սպաննողներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ
Կ՛ԵՆԹԱԴՐԵՆՔ, ԹԷ ՄԱՆՐԷՆԵՐԸ ԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ ԵՆ ՄԱՐԴՈՑ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՄԻՆՉԴԵՌ ՄԵՆՔ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԶՈՀԵՐՆ ԵՆՔ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՄՂՈՒԱԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ: «ԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՓՈՔՐ ԱՐԱՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ, Ի ԴԷՊ, ԶԱՐՄԱՆԱԼԻՕՐԷՆ ԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔ ԵՆ:
Հ. Ճ. Ուելզի 1898-ին գրուած դասական վէպը` «Տը ուոր աֆ տը ուըրլտծ», որ կը պատմէ Հրատէն նուաճողներու կողմէ Անգլիոյ պաշարումին մասին, կ՛աւարտի ոչ թէ խանդավառ եւ հերոսական, այլ դիպուածով արձանագրուած յաղթանակով մը: Արտերկրացիները տաքութիւն արձակող ճառագայթներով եւ սեւ ծուխով իրենց կը հպատակեցնեն մարդկութիւնը, սակայն իրենց յաղթանակին գագաթնակէտին կը մեռնին: Անոնց մեքենաները կանգ կ՛առնեն ամայացած Լոնտոնի աւերակներուն մէջ, եւ թռչունները կը կտցահարեն անոնց մարմնին փտող մնացորդները: Արտերկրացիներուն պարտութեան պատճա՞ռը. պարզապէս` ցպկային մարմին մը (պաքթիրիա): Ինչպէս վէպին անանուն պատմիչը կ՛ըսէ, անոնք «սպաննուեցան մարդկութեան բոլոր սարքերուն քայքայումէն ետք, ամէնէն աննշան պատճառներով»:
Ուելզի տրամաբանութիւնը պարզ էր. մարդկային մարմինը օժտուած է այնպիսի՛ դիմադրողականութեամբ, որ զայն կը պաշտպանէ վարակիչ մանրէներու դէմ, որոնց ենթակայ է կեանքի սկիզբէն ի վեր: Կը շարունակենք հիւանդանալ, սակայն առնուազն կրնանք դիմադրել: Մինչդեռ հրատցիները հակառակ իրենց արհեստագիտական գերակայութեան` չեն յաջողիր դիմադրել: «Ցպկային մարմիններ չկան Հրատի վրայ,- կը բացատրէ վէպը պատմողը:- Իսկ այս նուաճողները ուղղակի հասան, ուղղակի սկսան ոգելից ըմպելի գործածել եւ սնանիլ մեր աշխարհին մէջ, իսկ մեր մանրադիտակային դաշնակիցները սկսան կործանել զանոնք»:
Երբ երկու տասնամեակ առաջ առաջին անգամ ըլլալով կարդացի այս գիրքը, անոր աւարտը շատ տկար թուեցաւ ինծի: Կարծէք ոչինչէն ծնած էր, կարծէք մանրէները անակնկալօրէն յայտնուած էին եւ փրկութեան հասած: Աւելի՛ն. կարելի չէր պատկերացնել, թէ երկրագունդի մանրէները կրնային աճիլ արտերկրացիներու մարմնին մէջ: Սակայն վերջերս սկսած եմ անդրադառնալ, թէ Ուելզ, որ այս վէպը գրած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան, անուղղակիօրէն կը բացայայտէր ցպկային մարմիններու վերաբերող ճշմարտութիւն մը, որուն կ՛անգիտանան նոյնիսկ այսօրուան մանրէակենսաբանները, թէ` նման մարմիններ կրնան մահացու դառնալ` եղափոխութեան ժամանակ պատահած արկածներու իբրեւ արդիւնք:
Մանրէները Չեն Կրնար
Խաղաղ Գոյակցութիւն Ապրիլ
Ուելզի վէպին մէջ ցպկային մարմինները չեն եղափոխուիր` արտերկրացիները անդամալուծելու համար, այլ անոնց եղափոխութիւնը թիրախ կը դարձնէ մարդիկն ու այլ անասուններ: Հրատէն արշաւողները անսպասելիօրէն կ՛ենթարկուին ամէն կողմէ զիրենք թիրախ դարձնող մանրէներու յարձակումներուն եւ տեղի կու տան: Նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ մարդկութեան: Մեզ ծանր հիւանդութիւններով հարուածող ցպկային եւ սնկային բազմաթիւ մարմիններ խորքին մէջ մեր դէմ չէ, որ կը գործեն, այլ եղափոխուած են դաժան պայմաններու մէջ բազմանալու կամ այլ մանրէներ չէզոքացնելու համար: Պարզապէս յարմարելու այս նոյն ուղղութիւնն է, որ առիթ կու տայ անոնց բազմանալու մեր մարմիններուն մէջ կամ անդամալուծելու` մեր մարմնին դիմադրականութիւնը:
Օրինակ` թոքատապ յառաջացնող ցպկային մարմինը` Սթրեփթոքոքըս նիւմոնիան, որ սովորական ներկայութիւն է մեր քիթին եւ շնչառական գործարաններուն մէջ: Անիկա հիմնականին մէջ անվնաս է, սակայն, երբեմն կրնայ կրաւորական իր դիրքը շրջել եւ վերածուիլ մահացու գործօնի` պատճառելով թոքատապ, խելատապ (մենինճայթիս), բորբոքում եւ այլ հիւանդութիւններ: Այս մէկը կը պատահի մարմնի տկար դիմադրականութիւն ունեցող անձերու եւ յաճախ հետեւանք է շաքարի բարդ մոլեքիւլներէ կազմուած հաստ խաւի մը, որ կը պատէ մանրէներուն մակերեսը եւ զանոնք կը պաշտպանէ մեր մարմնին դիմադրականութեան դէմ:
Սակայն Փենսիլվանիոյ համալսարանի բժշկագիտական դպրոցի ուսանող Էլենա Լայսենքօ 2007-ին ի յայտ բերաւ, թէ շատ աւելի բարդ էր իրականութիւնը, քան` մանրէի մը, որ յանկարծ կը հանդիպի զինք հիւրընկալող տկար մարմնի մը: Թոքատապ պատճառող ցպկային մարմինը մեր շնչափողին մէջ կ՛ապրի այլ ցպկային մարմիններու հետ, ինչպէս` Հեմոֆիլըս ինֆլուենզա: Այս մարմինները չեն կրնար խաղաղ գոյակցութիւն ապրիլ: Այս վերջինը զօրաշարժի կ՛ենթարկէ զինք հիւրընկալող մարմնին արեան ճերմակ գնդիկները, որպէսզի յարձակին իր մրցակիցին վրայ: Ռազմավարութիւնը յաճախ արդիւնք կու տայ: Երբ Լայսենքօ երկու մանրէները մէկտեղած է մուկերու մարմնին մէջ, ի յայտ բերած է, թէ անոնց մարմինը յաճախ շնչափողէն դուրս նետած է թոքատապ պատճառող մանրէները, առիթ տալով, որ ինֆլուենզա պատճառող մանրէները առանձին իշխեն:
Սակայն թոքատապի զինուած ցպկային մարմինները չեն ընկրկիր արեան ճերմակ գնդիկներու դիմաց եւ կրնան պաշտպանել իրենց դիրքը: Անոնց զրահանդերձը սովորաբար պարտադիր է. անոնք այնքա՛ն ուժ կը խլեն իրենց սեփականատէրերէն, որ ցպկային այլ մարմիներ հազիւ կրնան թեթեւ ծածկոյթով մը պաշտպանել իրենք զիրենք: Սակայն, երբ ինֆլուենզան զօրակոչի կ՛ենթարկէ դիմադրողներու ամբողջ բանակ մը, հաստ ծածկոյթ մը ունենալը առաւելութիւն կը դառնայ: Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը այս ծածկոյթները կ՛օգնեն ինֆլուենզայի ցպկային մարմիններուն, որ աւելի խոր արշաւեն դէպի շնչառական դրութիւնը եւ լուրջ հիւանդութիւններ պատճառեն: Ինքզինք մրցակիցէ մը պաշտպանելով` թոքատապ պատճառող ցպկային մարմինը ակամայ կը վերածուի զինուած դահիճի:
Այլ խօսքով, հիւանդութիւն պատճառելու անոր կարողութիւնը ոչ թէ արդիւնք է զինք հիւրընկալող մարմնին յարմարելու, այլ կողմնակի ազդեցութիւն մըն է, բախտի արդիւնք: Ցպկային այս մարմինը կը սպաննէ` զուգադիպութեամբ:
Լուրջ Սպառնալիք
Հոլանտացի գիտնական Անթոնի Վան Լէյվընհոք 17-րդ ստեղծած էր մանրադիտակի նոր տեսակի ոսպնեակ մը եւ մանրադիտակային մարմիններու ամբողջ աշխարհ մը առած էր լուսարձակի տակ: Իր ակռաները պատող խաւը քննելէ ետք ան գրած է. «Զարմանքով տեսայ, թէ տուեալ նիւթին մէջ կային մանրակազմ բազմաթիւ ապրող մարմիններ, որոնք կը շրջէին գեղեցկօրէն»: Այս փոքր արարածները հետաքրքրական էին, սակայն անկարեւոր կը թուէին: Քիչեր շարունակած էին Վան Լէյվընհոքի աշխատանքը: Այս ընթացքը փոխուեցաւ 19-րդ դարուն, երբ Լուի Փասթոր եւ Ռոպըրթ Քոչ փաստեցին, թէ մանր մարմիններէն ոմանք պատճառ կը դառնային յատկանշական հիւանդութիւններու:
Տուեալ բնորոշումը շարունակուած էր: Մանրէներ կը գտնուին ամէն կողմ: Սակայն ընկալուչին եւ ստեղնաշարին վրայ անոնց գոյութիւնը կը նկատուի կեղտ: Մեր մարմինը լեցուն է մարէներով. անոնք կ՛օգնեն մարսելու մեր կերած ուտելիքը եւ կը պաշտպանեն մեր առողջութիւնը, սակայն զանոնք կը նկատենք թշնամիներ, որոնց դէմ պէտք է պայքարինք դեղերով եւ պէտք է նուաճենք զանոնք:
Թշնամութիւնը հասկնալի է: Բացի այն անձերէն, որոնք մանրադիտակի հասողութիւն ունին, շատեր երբեք պիտի չկարենան իրենց աչքով տեսնել մանրէները: Հետեւաբար հակամէտ ենք զանոնք բնորոշելու հիւանդութիւններ պատճառող փոքրամասնութեան մը պատկերով. մանրէներ, որոնք պատճառ կը դառնան փռնգտալու կամ պալար մը կը յառաջացնեն մորթին վրայ: Անոնց գոյութեան կ՛անդրադառանք, երբ կը սկսին վտանգ սպառնալ մեր կեանքին: Մարդկային պատմութեան գրեթէ ամբողջ տեւողութեան այս սպառնալիքը լուրջ եղած է: Ծաղկախտի, քոլերայի, հիւծախտի եւ ժանտախտի համաճարակներ ցնցած են մարդկութիւնը: Այս հիւանդութիւններուն վախով վարակուած է մեր ամբողջ մշակոյթը, սկսեալ` մեր կրօնական ծէսերէն մինչեւ հոլիվուտեան ժապաւէններ, ինչպէս` «Քընթէյճըն» (2012-ին) եւ «Աութպրէյք» (1995-ին):
Երբ մանրէները չեն սպաններ մեզ, մեծ մասամբ կը մոռնանք անոնց գոյութիւնը: Այսպէս, կը ստեղծենք պատմութիւններ` հիւանդութիւն ստեղծող մանրէներու եւ զանոնք հիւրընկալող մարմինններու մասին, հերոսներու եւ դաւադիրներու, մեր եւ անոնց մասին: Հիւանդութիւն պատճառող մանրէները գոյութիւն ունին` բազմանալու համար մեր հաշուոյն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարիքը ունինք անոնց դիմադրելու նոր ձեւեր որոնելու: Հետեւաբար կ՛ուսումնասիրենք, թէ մանրէները ինչպէ՛ս կ՛եղափոխուին պարտութեան մատնելու համար մեր մարմնին դիմադրութիւնը, կամ` աւելի արագ փոխանցուելու մէկ անձէն միւսը: Կը բնորոշենք այն ծիները, որոնք առիթ կու տան հիւանդութիւն պատճառելու եւ զանոնք կ՛որակենք «ժահրի ազդակներ»: Մենք մեզ կը տեղադրենք մանրէներու աշխարհին կեդրոնը: Կարծէք անոնց ամբողջ աշխարհը կը վերաբերի մեզի:
Դիպուածով Պատահած
Եղափոխութեան Վարկած
Սակայն հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ մարդաբանական մեր դիտանկիւնը երբեմն անարդարանալի է: Յարմարելու այն ազդակները, որոնք առիթ կու տան ցպկային, սնկային եւ հիւանդութիւն պատճառող այլ մարմիններու վնաս պատճառելու մեզի, կրնան շատ դիւրութեամբ եղափոխուիլ մարդկային հիւանդութեան պարունակէն դուրս: Անոնք մաս կը կազմեն մեզ հարուածող մանրէներու շուրջ հիւսուած պատմութեան, եւ նոյնիսկ կրնան սպաննել մեզ, սակայն մանրէները չեն պայմանաւորուած մեր գոյութեամբ: Այս գաղափարը ծանօթ է իբրեւ դիպուածով պատահած եղափոխութեան վարկած եւ կապ չունի ժահրերու հետ (վայրըս), որոնք բազմանալու համար միշտ ալ կարիքը ունին զիրենք հիւրընկալող մարմնի մը, կամ ցպկային եւ սնկային այն մարմիններուն, որոնք լաւապէս յարմարած են մեզի: Սակայն անիկա կը բացատրէ բազմաթիւ հիւանդութիւններու տարօրինակ երեւոյթները:
Օրինակ` ինչո՞ւ ցպկային մարմինները վնաս կը պատճառեն զիրենք հիւրընկալող մարմիններուն, երբ իրենց գոյութիւնը կախեալ է այս մարմիններէն: Կարգ մը պարագաներու պատասխանը յստակ է. անոնք կը պատճառեն ախտանշաններ, ինչպէս` փռնգտալ կամ հազալ, ինչ որ կը ծառայէ անոնց տարածումին: Սակայն ինչպէ՞ս բացատրել թոքատապի ցպկային մարմինը, որ անվնաս նստած է զինք հիւրընկալող մարմնին շնչառական գործարաններուն մէջ եւ պատրաստ է տարածուելու դէպի այլ անձեր: Անոնց ժահրային տարբերակները, որոնք կ՛իջնեն մինչեւ շնչափողին խորերը, իրականութեան մէջ նուազ վարակիչ են: Նոյնը կարելի է ըսել ինֆլուենզայի եւ խելապատապի (մենինճայթիս) մասին, որ կրնայ բորբոքում յառաջացնել ուղեղը պաշտպանող մաշկերուն մէջ եւ մահ պատճառել: Ցպկային մարմինները այս ձեւով կը տապալեն իրենց սեփական «նաւը»` առանց ունենալու նոր նաւ մը բարձրանալու յոյսը:
Դիպուածով պատահած եղափոխութեան վարկածը կ՛օգնէ լուծելու այս հակասութիւնները: Անիկա մեզի կ՛ըսէ, թէ մարդկային գէթ կարգ մը հիւանդութիւններ ոչ մէկ կապ ունին մեզի հետ:
Դիպուածով պատահած եղափոխութեան վարկածը կը բացատրէ շարք մը այլ նոր յայտնաբերումներ մանրէներու մասին: Գիտնականներ ցպկային մարմիններու մէջ ի յայտ բերած են անթիպայոթիքներու դիմադրող ծիներ, որոնք սառած են շուրջ 30 հազար տարիէ ի վեր կամ առանձին գոյատեւած են միլիոնաւոր տարուան քարայրներու մէջ: Կը կարծենք, թէ անթիպայոթիքները արդի յայտնագործութիւններ են, սակայն անոնք իրականութեան մէջ զէնքեր են, զորս ցպկային մարմինները տասնեակ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը գործածեն իրարու դէմ: Անթիպայոթիքներու դիմադրող ծիներ եղափոխուած են այս հնադարեան պատերազմին իբրեւ արդիւնք, սակայն անոնք նաեւ կ՛օգնեն այսօրուան մանրէներուն, որպէսզի դիմադրեն զանգուածային արտադրութեամբ մեր դեղերուն:
Նոյնպէս ալ` «ժահրային ծիներէն» շատերը, որոնք մանրէներուն կ՛օգնեն հիւանդութիւն պատճառելու, եւ որոնք գոյութիւն ունին ծովային մանրէներու մէջ, ոչ մէկ ձեւով վնաս կը պատճառեն մարդոց: Ենթադրաբար հիւանդութիւն պատճառող ցպկային մարմիններ յաճախ մաս կը կազմեն մեր միջավայրին: «Անոնք դիպուածով կը վերածուին հիւանդութիւն պատճառող մանրէներու,- կ՛ըսէ Նիւ Եորքի Եշիւա համալսարանէն մանրէակենսաբան Արթուրօ Քասատեւալ:- Անոնք գոյութիւն պիտի ունենան, նոյնիսկ եթէ բոլոր անասունները վերցնենք երկրագունդէն: Այսուհանդերձ, եղափոխութեան ընտրանքով այնպիսի մէկտեղումներ ստեղծուած են, որ բաւարար ուժը ստեղծած են հիւանդութիւն պատճառելու մարդոց»:
Այցելուներ` Մեր Մարմնին Մէջ
Հիւանդութիւն պատճառող բազմաթիւ մանրէներ պարզապէս «այցելուներ» են մարդկային մարմնին մէջ: Անոնց բուն բնակավայրերը ովկիանոսներն են, քարայրներն ու հողը: Զանոնք հասկնալու համար պէտք է զանոնք ուսումնասիրել իրենց բնական միջավայրին մէջ: Օրինակ` հողը լեցուն է իրարու դէմ մրցող մանրէներով եւ անօթի սողուններով: Մարդը կը սոսկայ առիւծէն, վագրէն եւ արջէն, ցպկային մարմինները` ժահրերէն, որդերէն եւ մակաբոյծներէն:
Այս բոլոր պայմանները կրնան պատճառ դառնալ, որ մանրէները դիպուածով յարմարին մարդկային մարմնի մը մէջ ապրելու վիճակին: Ի վերջոյ մարդկային մարմինը այլ միջավայր մըն է: Հաստ պատեան մը, որ մանրէ մը կը պաշտպանէ անջրացումի դէմ, կրնայ զայն պաշտպանել նաեւ մարդկային մարմնին դիմադրականութեան դէմ: Մէկ բջիջէ բաղկացած մարմին մը, որ յարմարած է օդին մէջ ճամբորդելու, կրնայ դիւրութեամբ մուտք գործել շնչափողին մէջ:
Գիտնականներ ապացուցած են պատահական այս յարմարումները` ցպկային մարմինները ենթարկելով բնական վտանգի մը եւ փաստած են, թէ անոնք այնուհետեւ աւելի լաւ կը վարակեն մարդիկն ու այլ ստնաւորներ: Օրինակ` Ի. Քոլի կոչուած ցպկային մարմինը, որուն բնական միջավայրը հողն է կամ` ստնաւորի մը աղիքը, սովորաբար կը դիմագրաւէ ջրային մակաբոյծներու կուլ դառնալու վտանգը: Սակայն անոր մէկ ճիւղաւորումը այս մակաբոյծներուն դիմադրելու կարողութիւնը ունի` շնորհիւ իր ծիներուն, որոնք զինք կը պաշտպանեն մակաբոյծներուն մարսողական խմորիչ տարրերուն դէմ եւ առիթ կու տան ներծծելու երկաթի նման սնունդներ: Փոխանակ փճանալու` անոնք կ՛աճին իրենց թշնամիին մարմնին մէջ եւ ի վերջոյ զայն կը սպաննեն ներսէն:
Ընդհանրապէս անվնաս Ի. Քոլի ցպկային մարմինը պաշտպանող ծիներէն շատերը պատճառ կը դառնան ծանր հիւանդութիւններու` մարդոց, մուկերու եւ այլ ստնաւորներու քով: Ասիկա զարմանալի չէ: Մարդկային մարմնին դիմադրականութեան բջիջները ջրային մակաբոյծներուն պէս կուլ կու տան մանրէները, որոնք նոյն ձեւով կը դիմադրեն մարդկային մարմնին դիմադրականութեան` յարմարելով իրենց բնական թշնամիներուն, զուգադիպաբար տկարացնելով մեր մարմնին դիմադրականութիւնը:
Դիպուածով պատահած եղափոխութեան վարկածը կրնայ վհատեցնել ոմանց: Երբ մարմին մը կը յաղթահարէ մարտահրաւէր մը, ի՞նչ է հաւանականութիւնը` հակամէտ դառնալու այլ մարմնի մը հետ անոր առնչութեան: Կը թուի, թէ հաւանականութիւնը շատ բարձր է: Այսուհանդերձ, եղափոխութիւնը կը վերաբերի փոքր հաւանականութիւններու, որոնք իրենք զիրենք կը բացայայտեն երկար ժամանակահատուածներու վրայ եւ կ՛ընդգրկեն մեծ թիւեր: Իսկ մանրէները օժտուած են այս երկուքով: Անոնք երկրագունդի վրայ կը գտնուին միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր, եւ անոնց թիւը անհամար է:
Իւրաքանչիւր մանրէ տարբեր ձեւով կը յարմարի իր միջավայրին: Ցպկային մարմին մը կրնայ դիմադրել այլ բջիջներու կուլ դառնալու վտանգին, սակայն կրնայ չտոկալ 37 աստիճան տաքութեան: Կրնայ աճիլ որոշ ջերմաստիճանի մը մէջ, սակայն չդիմանալ կալաքարային (ալքըլայն) միջավայրի մէջ: Այսուհանդերձ, ասիկա մեծ հարց մը չէ: Այնքա՛ն մեծ թիւով եւ տարբեր յատկանիշներով մանրէներ գոյութիւն ունին, որ կարելի է գտնել որեւէ տեսակի հիւանդութիւն պատճառող մանրէներու տեսակներ:
Այս մէկը անխուսափելիօրէն նոր լուսարձակի տակ կ՛առնէ վարակիչ նոր հիւանդութիւնները: Ինչպէս` սնկային մարմին մը, որ սկսած է ջարդել աշխարհի երկակենցաղ անասունները: «Մարդիկ հարց կու տան, թէ անոնք ուրկէ՞ կու գան,- կ՛ըսէ Քասատեւալ:- Շատ հաւանաբար անոնց ժահրային բնոյթը արդիւնք է եղափոխութեան ընտրանքի ուժին եւ ոչ մէկ կապ ունի մանրէները հիւրընկալող մարմիններուն հետ»:
Մանրէները Կը Գործակցին
Միլառաւոր Տարիներէ Ի Վեր
Նոյն տրամաբանութիւնը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ հետազօտողներ զգուշ պէտք է ըլլան, եթէ օր մը գտնուին մանրէներով բնակուած մոլորակի մը վրայ: «Շատեր կը մտածեն, որ եթէ Հրատի վրայ մանրէներ գոյութիւն ունին, մտահոգուելու ի՞նչ պատճառ ունինք: Անոնք անհրաժեշտ բնասպիտները (փրոթին) չունին` հիւանդութիւն պատճառելու համար մարդոց: Սակայն, եթէ բաւարար մանրէներ գոյութիւն ունենան Հրատի վրայ, ապա հաւանական է, որ անոնք հիւանդութիւն պատճառեն», կը բացատրէ Քասատեւալ:
Եթէ այս է պարագան, ապա մանրէներուն պատճառած հիւանդութիւնները շատ ծանր պիտի ըլլան երկար ժամանակ: «Երբ ուսանող էի, մակաբոյծներու մասնագէտներ կ՛ըսէին, թէ հիւանդութիւն մը նախնական վիճակ մըն էր` մակաբոյծի մը եւ զայն հիւրընկալող մարմնի մը միջեւ,- կ՛ըսէ Լեւին:- Ամէն ոք ի վերջոյ կը դառնայ բարեհամբոյր եւ գործակցութեան տրամադրութիւն ցոյց կու տայ` փոխադարձ շահերու հիմամբ»: Սակայն, եթէ հիւանդութիւնը ինքնին դիպուածի հետեւանք է, ապա եղափոխութեան ճնշում գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որպէսզի անուղղակիօրէն հիւանդութիւն պատճառող մանրէն տարբեր ձեւով գործէ:
Գոհացուցիչ չէ այս գաղափարը: Նոյնիսկ ժխտողական է: Անիկա մեզ կը զրկէ պատասխաններէ: Ինչպէս Քասատեւալ կը գրէ, հիւանդութիւն պատճառելու գործօնը պատահականութեան ծնունդ է, «այնպիսի գործընթացի մը մէջ, որ բացատրութիւն չունի, բացի` պատահած իորողութենէն»: Անոր դիտանկիւնէն, մարդը գլխաւոր դերակատար չէ այն թատերախաղերուն մէջ, որոնք իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան մեր կեանքին վրայ: Նոյնիսկ կարճ դեր մը չունի, այլ պարզապէս անցորդ մըն է, որ կը քալէ թատերասրահէն դուրս, եւ յանկարծ անոր գլխուն կը տեղան օդին մէջ թռող բեմահարթակի իրերը:
Մանրէի մը աշխարհին ամէնէն կարեւոր մասը նոյնինքն այլ մանրէներն են: Անոնք իրարու հետ «աշխատած են» միլիառաւոր տարիներէ ի վեր, նախքան մարդկութեան ծնունդը: Երբ կը թակարդուինք այս նախապատմական կրակոցին մէջ, կը դիմագրաւենք պատերազմի զոհ դառնալու վտանգը: Ուելզի հրատցիներուն պէս` մենք ալ կը պարտուինք դիպուածով:

