Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Վերադառնալով ՄԱՆ-ի` 1915-էն մինչեւ 1930 կատարած ամբողջական խնամատարական աշխատանքներուն մասին կրնանք ըսել հետեւեալները.
Ա. ՄԱՆ-ը ծախսած է մօտաւորապէս 116,000,000 տոլար (ներկայ արժէքով մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար), որուն 80 տոկոսը զուտ հաւաքուած դրամ եղած է, իսկ 20 տոկոսը նուէր ստացուած ապրանքներու փոխարժէք:
Հաւաքուած գումարը հանգանակուած է զանազան միջոցներով.
1. Անհատական նուիրատուութիւններ.
2. Համայնքներու մէջ հանգանակութիւններ.
3. Եկեղեցիներու եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ դրամահաւաքներ.
4. Հրապարակային հանդէսներ, ձեռնարկներ եւ ժողով-հաւաքներ.
5. Ամերիկեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու հանգանակութիւնները. մէկ տարուան ընթացքին հանգանակած են մօտ 1,000,000 տոլար.
6. Միջազգային Կարմիր խաչը 1917-ին տրամադրած է վեց միլիոն տոլար եւ այդ թուականէն ետք ամսական դրութեամբ նպաստած է 50,000 տոլարով` մինչեւ 1930.
7. «Ռաքֆելըր» հիմնարկութիւնը բոլոր հանգանակութիւններուն մասնակցած է միլիոններով.
8. Զանազան ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ կազմակերպած են տարեկան հասութաբեր ձեռնարկներ.
9. Ամերիկեան 23 նահանգներու մէջ կատարուած են հանգանակութիւններ: Ամէնէն շատ տուող նահանգը եղած է Նիւ Եորք նահանգը` 13.871.815 տոլար.
10. Օրորա Մարտիկանեանի «Հոգիներու աճուրդ» շարժապատկերին ցուցադրութիւնները.
11. Հայ անհատներու նուիրատուութիւնները հասած են 1 միլիոն տոլարի.
12. ՀԲԸՄ-ի նպաստները հասած են 1.5 միլիոն տոլարի:
Իսկ նուէր ստացուած ապրանքները եղած են`
1. 7500 թոն հին գործածուած հագուստներ.
2. 1,946,928 խտացուած կաթի տուփեր.
3. Հարիւրներով թոն ալիւր, լուբիա, եգիպտացորեն, շաքար եւ չոր պտուղներ:
Այս հսկայ գումարներու հաւաքման աշխատանքին իրենց օժանդակութիւնը բերած են` ամերիկեան մամուլը, հրատարակութիւնները, պաշտօնական դէմքեր եւ հեղինակաւոր անձեր, նախագահներ, ծերակուտականներ, նահանգային կառավարիչներ, հիւպատոսներ, արուեստի եւ մշակոյթի հանրածանօթ դէմքեր:
Բ. ՄԱՆ-ը ուղղակի պահպանած, խնամած եւ կրթած է 200 որբանոցներու մէջ 132,000 որբ մանուկներ, որոնց 75,000-ը եղած են հայեր` 40-45,000-ը Հայաստանի մէջ, իսկ մնացեալը` Սուրիա, Լիբանան եւ Յունաստան: Ան օգնած է անուղղակիօրէն կէս միլիոն աղէտեալներու: Հոս կ՛ուզեմ մէջբերում մը ընել. ՄԱՆ-ի հոգատարութիւնը վայելած հայ որբերէն մէկը եղած է իմ աներս` Պետրոս Մէյվալեան-Պտղունին (ծնեալ Զէյթուն-Ֆուրնուզ 1910-ին), որ պատիւը ունեցած է խնամուելու Լիբանանի Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ, 1922-1924 եւ հայր Պօղոս Արիսի որբանոցին մէջ 1924-էն 1926: «Թռչնոց բոյն»-ի որբանոցին մէջ անոր թիւը եղած է 1392, իսկ երկրորդ որբանոցի թիւը եղած է 323:
Գ. Կազմակերպութեան մէջ աշխատած են 2500 ամերիկացի գործիչներ, որոնցմէ 30 պաշտօնեաներ մահացած են ծառայութեան դաշտին վրայ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ:
Դ. Անոր մարդասիրական գործունէութիւնը իրագործուած է ո՛չ միայն ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական կառավարութեան եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն գործնական աջակցութեամբ: Նախագահներ Ուիլսըն, Հարտինկ եւ Հուվըր գործակցած են ՄԱՆ-ի հետ, ինչպէս նաեւ` Ամերիկեան Կարմիր խաչը եւ Քոնկրեսը: Ամերիկայի հիւպատոսարանները գործի լծուած են, իսկ պետութեան քաղաքական մարմինները, բանակը եւ ծովային հրամանատարութիւնը օգնած են գործի յաջողութեան համար:
Ե. Անոր հիմնական ծառայութիւնը կեդրոնացած է որբ մանուկներու փրկութեան գործին մէջ: Ընտանեկան խնամքէ զուրկ երեխաները 200 որբանոցներու մէջ հաւաքուած, խնամուած եւ դաստիարակուած են մինչեւ իրենց ինքնաբաւ տարիքը: Զուտ սննդեղէնի համար ծախսուած է ամսական 5 տոլար` որբի գլուխ: Որբանոցները գործած են որպէս դպրոցական նախակրթութեան կեդրոններ, որոնք ունեցած են զուտ հայկական ուսումնական ծրագիրներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ, արդիական մանկավարժական դասաւանդութիւն, ինչպէս նաեւ` կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութիւն: Ամէն որբանոց ունեցած է իր լաւ սարքաւորուած արհեստանոցները` ատաղձագործութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, մեքենագործութիւն, տպարանի եւ կազմատան աշխատանքներ: Որբանոցներու մէջ կազմաւորուած է որբերուն նկարագիրը` մշակութային, մարզական, կենցաղային, կազմակերպչական եւ կարգապահական միջոցառումներով ու օրէնքներով:
Զ. Ուղղակի, անմիջական օգնութեան միջոցներէն դուրս ՄԱՆ-ը իր մարդասիրական աշխատանքը տարածած է զանազան ձեւերով `
1. Ֆիզիքապէս կարող այրերուն գործ հայթայթած է, օրինակ` շէնքերու շինութիւն, ճամբաներու նորոգութիւն, ջրանցքներու բացում, ոռոգումի աշխատանքներ, ճահիճներու չորացում:
2. Սուրիոյ հայ որբեւայրիներուն հիւսուածեղէնի եւ ձեռագործի աշխատանոցներ հաստատած է:
3. Ուրմիայէն Միջագետք գաղթած հազարաւոր հայ եւ ասորի որբերու գործ տրամադրուած է:
4. Տնակներու շինութիւն եւ հողերու բաշխում կատարած է գաղթականներու տեղաւորման համար, մասնաւորապէս` հիւսիսային Յունաստանի եւ Ալեքսանտրէթի սանճաքին մէջ:
5. Ամերիկայէն բերուած գործածուած հագուստեղէններ բաշխած է գաղթականներուն:
6. Գաղթակայաններու մօտ հիւանդանոցներ հիմնած է:
7. Պահած է 50-է աւելի հիւանդանոցներ, որոնք դարձած են նաեւ առողջապահական դաստիարակութեան եւ հիւանդապահուհիներ պատրաստող կեդրոններ:
8. Յաջողութիւն արձանագրած որբ աշակերտներուն եւ ուսման փափաք ունեցողներուն կրթաթոշակներ տուած է:
Նախագահ Քալվին Քուլիճ արժեւորելով ՄԱՆ-ի տարած աշխատանքը` ըսած է. «Ոչ մէկ գործունէութիւն, որ ամերիկացիներու կողմէ կամ յանուն Ամերիկայի ձեռնարկուած է, կրցած է այսքան բան իրագործել` արթնցնելու համար անկեղծ յարգանք եւ նոյնիսկ սէր Ամերիկայի հանդէպ: Ժողովուրդները անոր ծառայութեանց մէջ տեսած են ապացուցումը բոլոր մարդոց հանդէպ եղբայրասիրութեան ու հաճութեան գործնական արտայայտութիւն: Անոր գործը գործնական քրիստոնէութեան ցուցանշանը եղաւ»:
Մոնրէալ, 8 մարտ 2014
————————————–
Օգտագործուած աղբիւրներ`
1. Barton, James L., «Story of Near East relief», New York, 1930:
2. Եղիայեան, Բիւզանդ, «Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցը (1915-1930», «Դրազակ» տարեգիրք: Անթիլիաս, 1970:
3. Էպլիղաթեան, Մատթէոս, «Ազգային խնամատարութիւն», Բ. հրատարակութիւն, Անթիլիաս, 1985:
4. Էպլիղաթեան, Մատթէոս Մ., «Կեանք մը ազգիս կեանքին մէջ», Անթիլիաս, 1987:

