Հայրերու Օր

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հայր իմ, մանկուց սիրել եմ քեզ,
Փարուել կրծքին քո հայրական,
Բազուկներում  քո առնական,
Ինձ կարծում եմ որպէս հսկայ:

Այս քանի մը տողերը որքա՜ն հարազատ են հայ հօր մը:

Բոլորիս համար ալ մեր հայրերը եղած են մէկական հսկաներ:

Հայրս` Խաչատուր Շահմելիքեան, ծնած է Երզնկա: Իր հայրը եղած է իրենց գիւղի քահանան, եւ ինք շատ փոքր տարիքէն եղած է եկեղեցւոյ դպիր, կղերականի մը չափ գիտութիւն ունեցած է եկեղեցական շարականներուն եւ ծէսերուն:

Երբ իրենց գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը ջարդուի կամ կը տեղահանուի, հայրս երկար ժամանակ կը մնայ քիւրտ ընտանիքի մը քով` որպէս ծառայ եւ այնպէս կը համոզուի, որ աշխարհի վրայ ինք ողջ մնացած միակ հայն է: Օր մը քիւրտ «տէր»-ը քաղաքէն գնած եւ թերթի մը փաթթուած ապրանքները հօրս կու տայ, որ ներս տանի: Հայրս կը նշմարէ, որ հայերէն թերթ մըն է: Այդ ժամանակ խելահաս էր արդէն, եւ գրել կարդալ գիտնալուն, անմիջապէս թերթը կը տանի ախոռ եւ զարմանքով կը կարդայ, որ Հայաստան անկախացած է: Նոյն օրն իսկ փախուստ կու տայ քիւրտին քովէն: Փախուստէն ետք տեղահանութեան ճամբուն վրայ կը ծանօթանայ երեք յոյն գաղթական աղջիկներու: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` գեղեցկուհիներու, որոնք չեն վրիպիր թուրք եւ քիւրտ վայրենիներու աչքէն:  Հայրս տեսնելով երեք քոյրերուն անպաշտպան վիճակը` եղբօր նման տէր կը կանգնի անոնց: Գաղթողներուն մէջ էր նաեւ տէր հայր մը, որ  տեսնելով հօրս պարկեշտ ընթացքը` զիրենք քոյր եղբայր կը մկրտէ եւ չորսով կը մտադրեն Յունաստան անցնիլ: Նաւուն ճամբայ ելլելէն քանի մը վայրկեան առաջ կը մատնուի, թէ ինք հայ է, եւ կը ստիպեն իրեն, որ նաւէն վար իջնէ: Երեք «քոյրերը» միասնաբար կը հրաժարին Յունաստան մեկնելէ եւ միանալով իրենց «եղբօր»` չորսով կը հաստատուին Լիբանան: Երեք յոյն աղջիկները հայացած են եւ երեքն ալ հայերու հետ ամուսնանալով` կազմած են հայ ընտանիքներ: Քոյրերէն մէկը 1947-ի ներգաղթին հաստատուած է Հայաստան, իսկ միւս երկուքը մնացած են Լիբանան: Երկուքին զաւակները Լոս Անճելըս են ներկայիս, եւ ինծի համար հարազատ հօրաքրոջ զաւակներ են: Անշուշտ ուրախ ենք, որ երեք յոյն աղջիկներ հայացան, սակայն երբ նկատի առնենք մեր տասնեակ հազարաւոր թրքացած եւ քրտացած հայերը, համեմատութիւն չկայ մեր հսկայական կորուստին:

Լիբանանի որբանոցներէն մէկուն մէջ հայրս կը ծանօթանայ որբուհիի մը` Ոսկի Զուռնաճեանին, որուն հետ կը կազմէ իր աղքատիկ բոյնը, եւ կը բախտաւորուին 4 զաւակներով, եղբայրս` Անդրանիկը, երկու քոյրերս` Ալիս ու Արսինէ եւ ես:

Հայրս ունեցած է Գէորգ անունով եղբայր մը, որուն հետքը կորսնցուցած է տարագրութեան ճամբուն վրայ: Տարիներ ետք լսած է, թէ եղբայրը այդ շրջանին միացած է ռուսական բանակին, ապա` հաստատուած Ռուսիա: Երկար փնտռտուքները ապարդիւն անցած են:

Վերջերս բժշկական ընդհանուր քննութեան գացած էի: Բժիշկի օգնական հիւանդապահուհին, երբ մականունս լսեց, «իմ մականունս քու մականունիդ շատ մօտ է» ըսաւ: «Շախմելիքեան»: Ռուսահայ էր: Ռուսերը ընդհանրապէս «հ»-ին «խ» կ՛ըսեն: Անմիջապէս սկսայ հետաքրքրուիլ, քանի Շահմելիքեան հազուագիւտ մականուն մըն է: Հարցուցի, թէ իրենց գերդաստանին մէջ տէր հայր ունեցա՞ծ են: Ըսաւ, թէ ասիկա իր աղջկութեան մականունը չէ, եւ ամուսնոյն անունը Գէորգ է: Սիրտս սկսաւ տրոփել, եւ տեղեկութիւններ ուզեցի ամուսնոյն մասին: Ըսաւ, թէ ամուսինը շատոնց մահացած է: Հօրեղբօրս ընտանիքէն անդամ մը գտնելու յոյսերս մարեցան:

***

Արտաքինով, մանկութենէս, հօրս շատ կը նմանէի: Քանի տարիքս յառաջանար, այնքան կը յայտնաբերուէր նաեւ, թէ իմ նախըտրութիւններս եղած են յար ու նման հօրս:

Երկուքս ալ բացառիկ սէր ունեցած ենք երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Հայրս մակութեանս շրջանին քանի մը տարի ջութակ նուագած է, իսկ ես երկար տարիներ եղած եմ երաժիշտ: Երկուքս ալ պաշտամունք եւ սէր ցուցաբերած  ենք հայ գրականութեան հանդէպ:  Հայրս իմ հերոսս էր: Ինծի համար ինք` անսխալական էր, եւ իր կարծիքները անվիճելի էին: Պզտիկուց, երբ ընկերներուս ըսէի` «Պապաս այսպէս ըսաւ», կը նշանակէր, որ այդ ըսածը բացարձակապէս անվիճելի պէտք էր ըլլար: Ան նաեւ իմ ընկերս էր, իր բերնէն ոչ մէկ գէշ բառ լսած էի: Բարի էր` բառին իսկական առումով, միեւնոյն ժամանակ` համբերատար եւ հանդարտ բնաւորութեան տէր: Չափէն աւելի ընթերցասէր էր հայրս: Ունէր նաեւ գրելու շնորհք: Միութենական կամ կուսակցական շրջանակի մէջ միշտ իրեն յանձնուած է քարտուղարութեան պաշտօնը: Էշրեֆիէ բնակած շրջաննիս մեր թաղեցիներէն մէկ քանին գրել-կարդալ չէին գիտեր եւ միշտ հօրս կը դիմէին շարադրելու իրենց ուղարկելիք նամակները, ինչպէս նաեւ` ստացած նամակներուն ընթերցումը: «Ազդակ» օրաթերթը ամէն օր բարձրաձայն կը կարդար դրացիներուն, իսկ ես հետաքրքրուած` մտիկ կ՛ընէի, եւ այդ ժամանակուան կարեւոր լուրերէն մէկ քանին տպաւորած են զիս, երբ Սուրիոյ մէջ զրպարտութեամբ, հայ կուսակցական ընկերներ բանտերու մէջ չարչարուեցան ու մահացան: Թաղեցիները իր շուրջը հաւաքած` կը կարդար հայերէն գիրքեր: Այդ ժամանակներուն թէպէտեւ ձայնասփիւռ գոյութիւն ունէր, սակայն դրացիներէն ոչ ոք նիւթական կարողութիւնը ունէր գնելու, եւ հայրս իր ընթերցանութիւններով կը զբաղեցնէր ու «կը զարգացնէր» դրացիները: Երկար տարիներ աշխատած է DHP երկաթուղիի ընկերութեան մէջ եւ կէսօրուան ճաշի դադարներուն խումբ մը հայ գործաւորներ հաւաքելով իր շուրջը` մեր հայերէն գիրքերը ծանօթացուցած է անոնց, որոնք մեծ անհամբերութեամբ սպասած են այդ ժամուն:

Հայաստանի ներգաղթի տարին կ՛որոշէ հաստատուիլ հայրենիք: Դաշնակցական ըլլալուն` իրմէ կը պահանջեն, որ հրաժարի իր պաշտած կուսակցութենէն: Երկտող մը կը գրէ, թէ հայրենիք ներգաղթելու սիրոյն կը հրաժարի Հ.Յ.Դաշնակցութենէն: Հրաժարականը չ՛ընդունուիր: Պատճառ`  հրաժարականին մէջ պէտք է շեշտէ, որ Դաշնակցութիւնը «ազգակործան» կուսակցութիւն մըն է, եւ այդ պատճառով` կը հրաժարի: Երբ այս կը լսէ, հրաժարականը պատռելով սենեակէն դուրս կ՛ելլէ:

Ամէն տարի Ծնունդի ու Զատկուան տօներուն սովորութիւն դարձուցած էր անպայման այցելել իր հայրենակիցներուն տուները: Փոքր եղած ատենս զիս ալ կը տանէր իրեն հետ: Ինծի համար այնքան ալ հաճելի չէր թաղեցի ընկերներուս հետ խաղս ձգելով` տուներ այցելել, սակայն միշտ գոհ կը վերադառնայի` «բեռնաւորուած» շաքարով ու այնքան սիրած շոքոլայով, իսկ Զատկուան տօներուն`  տասնեակ մը ներկուած հաւկիթներով:

Երզնկացիք ընդամէնը քանի մը ընտանիք մնացած էին, անոնք յաճախ մեր տունը կ՛այցելէին եւ  հետաքրքրականօրէն իրարու հետ խօսած ատեն անուն չէին տար, այլ պարզապէս «հայրենակից» կ՛անուանէին զիրար: Մանկութեանս չէի գիտեր «հայրենակից»-ին նշանակութիւնը: Օր մը հայրս մէկուն հետ խօսած ժամանակ «հայրենակից» ըսելով խօսեցաւ: Կարծեցի, թէ իր անունն է: «Այս ի՞նչ տարօրինակ անուն է», ըսի միտքէս: Ա՛լ աւելի զարմացայ, երբ այդ անձը հօրս հետ խօսած ժամանակ ինքն ալ իր կարգին «հայրենակից» անուանեց հայրս: Անհամբեր սպասեցի «հայրենակից»-ին մեկնելուն, որպէսզի հօրս հարցնեմ այդ  առեղծուածին մասին: Բացատրեց, թէ համագիւղացիներ են եւ իրարու այդպէս կը կանչեն: Այդ մէկը հասկնալի էր, սակայն տակաւին ինծի յստակ չէր մօրս  «ինչցի՞» ըլլալը: Ժպտելով բացատրեց, թէ «ուրտեղացի» կ՛ըսեն, ոչ թէ «ինչցի՞»:

Մայրս «հայրենակից» չէր: Խարբերդցի էր:

1979-ին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր անդրանիկ զաւակը` Անդրանիկը, որուն մահը անշուշտ չափէն աւելի ծանր ազդեց իր վրայ: Եղբօրս մահէն 10 ամիս ետք ենթարկուեցաւ վիրաբուժական գործողութեան մը: Գործողութիւնը յաջողած էր, սակայն քանի մը օր ետք պզտիկ բարդութիւն մը ունեցաւ, զոր շատ դիւրութեամբ կարելի էր դարմանել, սակայն այդ շրջանին հիւանդանոցը լեցուն էր երիտասարդ փաղանգաւոր եւ ազատական զինեալներով (ահրար), եւ մեր խնդրանքներն ու աղաչանքները անտեսելով` երեսի վրայ ձգեցին հայրս: Ամէն անգամ, որ բժիշկ ուզէինք, «ռժժել խթիար»-ին հետ զբաղելու ժամանակ չունինք ըսելով կը մերժէին: Այսպէս, քանի մը օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, օր մըն ալ քրոջս իր քովը գտնուած միջոցին աչքերը կը բանայ եւ զարմացած` «Ես մեռած էի, ինչպէ՞ս հոս եկայ», իսկ քոյրս ` «Հայրի՛կ, ո՞ւր էիր եւ ի՞նչ տեսար»:

«Անդրանիկիս քովն էի»:

Քանի մը ժամ ետք միացաւ Անդրանիկին:

Այսօր, Հայրերու օրուան առթիւ` ամէն զաւակ կը շնորհաւորէ իր հայրը: Ես ալ իմ կարգիս կը ստանամ շնորհաւորանքներ` երբեք չմոռնալով գնահատելու բոլոր  հայրերը, մանաւանդ` հայ հայրերը, որոնք մեզի համար եղած են մէկական հսկաներ:

Յիշատակդ անմար մնայ, սիրելի՛ հայրիկս:

«Հայր ես եղել, հայր ես եղել,
Մասիսի պէս վեհ ես եղել»:

 

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

 

Լոս Անճելըս 2014

Share this Article
CATEGORIES