Պրն. Սնապեանը Ողջ Պիտի Մնայ…
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
«Պօղոս Սնապեանը մինչ օրս ողջ է, Լիբանան կ՛ապրի, ան «Բագին»-ի խմբագիրն ու զանազան գիրքերու հեղինակ է»: Այսպէս բացատրած էր մեզի եօթներորդ կարգի հայերէն լեզուի ուսուցչուհին, երբ դասարանին մէջ բոլորս զարմացած կը հարցնէինք, թէ ինչպէ՞ս հայերէնի դասագիրքին մէջ պրն. Սնապեանին գործերէն մէկուն տակ արձանագրուած կենսագրական գիծերու բաժինին մէջ, միա՛յն ծննդեան թուական կար… չկար միւս հեղինակներուն նման ծննդեան ու… մահուան թուական:
Օրին, մեզմէ շատերուն համար, նորութիւն եւ անակնկալ էր «ողջ» գրագէտի մէկ գրութիւնը մեր դասագիրքերուն մէջ տեսնելը: Մանկական պարզունակութեամբ կը կարծէինք, թէ բոլոր գրողները եկած ու անցած կ՛ըլլան եւ կամ անոնց անուն ու գործերը իրենց մահէն վերջ դասագիրքերու մէջ կը տեղադրուին… Ի՜նչ սխալ տպաւորութիւն ունէինք գրողներուն մասին, եւ պրն. Սնապեանին ողջ ըլլալու իրականութիւնը արմատականօրէն փոխած էր մեր պատկերացումը:
Այդ օրուընէ, յաճախ տարբեր տեսակի հրճուանք մը կ՛ապրէի, երբ մամուլին մէջ կը հանդիպէի պրն. Սնապեանի գործերուն եւ գործունէութեան: Մտովին կ՛ըսէի` «ինչ լաւ է, տակաւին ողջ է պրն. Սնապեանը ու տակաւին կը գործէ»:
Այսօրուընէ սակայն, հայերէնի դասագիրքերուն մէջ եւ այլուր, պրն. Սնապեանին կենսագրական բաժինին մէջ մահուան թուական ալ պիտի աւելնայ: Բնական մահ մը, որ մեծ արժէքի մը, մեծ գրականագէտի մը, մեծ աւանդի մը, արեւմտահայերէնի ռահվիրայի մը կորուստին գոյժը կու տայ: Ան կ՛աւելնայ արեւմտահայերէնի կանթեղը բարձր պահած այն մտաւորականներու շարքին, որոնք ամէն գնով կոչուած էին արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ զարգացումին: Ան կը մեկնի արեւմտահայերէնի եւ գրեթէ ամբողջ արեւմտահայութեան լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած օրերուն…

