Պօղոս Սնապեանի Աշխատավայրը` Այսօր…
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Պօղոս Սնապեանի գրասեղանը` «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ
Պօղոս Սնապեանի աշխատավայրը` այսօր: Մեծերու կորուստը մեծ է: Անոնց մեծութիւնը կը շարունակէ համակել իրերայաջորդ սերունդներ: Մեծ է վաստակդ, մեծ է դրոշմդ, մեծ է նուիրումդ, աննմա՛ն ընկեր եւ ուսուցիչ: Մեծութեամբ ապրեցար կեանքդ, մեծութեամբ պայքարեցար եւ մեծութեամբ դիմաւորեցիր մահը: Կը խոնարհինք վաստակիդ եւ յիշատակիդ դիմաց:
Մամուլին յանձնած երկու գիրքերդ այս շաբաթ լոյս կը տեսնեն: Խոստացած էիր յառաջիկայ շաբաթներուն տպագրութեան յանձնել երկու նոր գիրք… գրասեղանիդ վրայ թղթածրարներ կան… միայն ըսէ՛, գործդ ո՛վ պիտի շարունակէ: Պիտի կարօտնանք…
CATEGORIES Անդրադարձ

