Մահ Պօղոս Սնապեանի 1927` Պիթիաս (Մուսա Լեռ) – 2014` Պէյրութ
«ԲԱԳԻՆ»-Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Բագին» կը գուժէ մահը արձակագիր, գրական քննադատ եւ իր բազմամեայ խմբագիրին` Պօղոս Սնապեանի:
Պօղոս Սնապեան, աւարտելէ ետք (1950) Երուսաղէմի Ժառանգաւորացը, ուր աշակերտած է Յակոբ Օշականի,- որ իր գրական հանգանակին ներշնչողը եղաւ եւ մնաց,- Փարիզի մէջ հետեւած է Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն (1962-1964): Ան հանդիսացած է հայեցի կրթութեան, հայ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան անխոնջ սպասարկուն: Այդ կը վկայեն իր վաստակը եւ ձեռնասունները, որոնք ներկայ են ազգային եւ գրական հրապարակին վրայ:
Պօղոս Սնապեան հայ ժողովուրդին կը կտակէ հսկայ ժառանգութիւն մը եւ անով` ոգեկան մեծ հարստութիւն: «Բագին»-ի խմբագրութիւնը վարած է քառասուն տարի, յաճախ դժուար եւ հերոսական պայմաններու մէջ, պատերազմ եւ վտանգ: «Բագին»-ը սոսկ թերթ կամ հանդէս չէր իրեն համար, այլ ծառայութիւն եւ ազգային պատգամի բեմ, ոչ միայն Պէյրութի եւ սփիւռքի համար, այլ նաեւ` Հայաստանի, իր յանդգնութեամբ արտակարգ նպաստ բերելով հայրենի մտաւորականութեան:
Պօղոս Սնապեանի ժառանգութեան հետ հաղորդուելու եւ յարգելու համար մտաւորականին յիշատակը, երէցներ եւ նորեր, ինքնութիւն կը նուաճեն իր էջերուն ընթերցումով. հրապարակագրութիւն, քննադատութիւն, վէպեր, դիմանկարներ, մենագրութիւններ: Այդ կ’ըլլայ կտակի տիրութիւն:
Եւ Պօղոս Սնապեան կը շարունակէ մնալ մեր մէջ:

