Վաստակաշատ Մտաւորական Պօղոս Սնապեան Կնքեց Իր Մահկանացուն
Շաբաթ առաւօտ իր մահկանացուն կնքեց «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր, հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն Պօղոս Սնապեան:
Կենսագրական Գիծեր
Պօղոս Սնապեան ծնած է 11 օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը:
Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ:
1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին:
1949-ին աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Լիբանան, ուր Այնճարի ու Պէյրութի մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:
1950-էն սկսեալ իր գրական եւ քննադատական գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ: Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու` պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:
Երկու տարի, 1957-ին եւ 1959-ին, լոյս կ’ընծայէ «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքը:
1962 յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին:
1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսեզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին կը շարունակէ «Բագին»-ի մէջ իրեն վստահուած աշխատանքները: Խմբագիրի պաշտօնը կը վարէ ամբողջ 42 տարի, մինչեւ 2003:
Միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:
1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:
Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966) «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատակազմի անդամ եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:
1983-էն աւանդած է հայ գրականութիւն` Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի բոլոր դասարաններուն:
2006-էն մինչեւ իր մահը ստանձնած էր «Ազդակ»-ի գրական յաւելուածի խմբագրութիւնը:
Պօղոս Սնապեանի տպագիր առաջին գրութիւնը, չափածոյ կտոր մը` «Տաղ տրտմութեան», լոյս կը տեսնէ Երուսաղէմի վանքին պաշտօնաթերթ «Սիոն»-ի մէջ, իսկ լոյս ընծայած առաջին հատորը, վիպակ մը` «Ժամանակ չկայ», 1953-ին, Պէյրութ: Անկէ ետք լոյս ընծայած է վիպական, քննադատական ու հրապարակագրական բնոյթի աւելի քան 30 հատոր ու հրատարակելի ունի նոյն սեռի տասէ աւելի գործեր:
Խմբագրած ու հրատարակած է նաեւ տարբեր հեղինակներէ վերցուած 75 հատոր:
2003-ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Համազգային»-ի շքանշանին, իսկ 2010-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետական օրհնութեան գիրին:

