Ենթակառոյցներու Վերականգնում` Իբրեւ Վերադարձի Նախապատրաստութիւն
«Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Լաթաքիոյ մէջ հաստատուած քեսապահայութեան պատասխանատուներուն հետ անոնցմէ իմացաւ, որ համարեա թէ ամբողջութեամբ սուրիական բանակը իր վերահսկողութիւնը հաստատած է Քեսապի վրայ, բացի որոշ շրջաններէ:
Լուրը ստանալով` քեսապցիներէն ոմանք արդէն ուղղուած են իրենց հայրենի գիւղը: Բանակը առայժմ կ՛արգիլէ բնակչութեան մուտքը շրջան, որովհետեւ կ՛իրականացնէ ականազերծման աշխատանքներ, կը պայթեցնէ բոլոր վտանգաւոր զինամթերքները: Բանակին կողքին Քեսապ մուտք գործած են նաեւ ենթակառոյցներու վերականգնման խմբակները` վերանորոգելու համար ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերն ու խողովակները, առ ի նախապատրաստութիւն քեսապցիներու տունդարձին:
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ զինեալ խմբակները իրենց հեռանալէն առաջ ամբողջութեամբ կողոպտած էին մեքենական արժէքաւոր սարքերը, մանաւանդ գիւղատնտեսական սարքերը:

