«Լիբանանցիները Կը Մերժեն Երեսփոխաններուն Անտարբերութիւնը. Անոնց Պարտականութիւնն Է Ընտրել Նախագահը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիները կը մերժեն երեսփոխաններուն անտարբերութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն անոնց չզլանալու իրենց պարտականութեան մէջ:
«Կարելի չէ երկրի մը սահմանադրութիւնն ու ժողովուրդին արժանապատուութիւնը ոտնձգութեան ենթարկել: Լիբանանցիները դժգոհ են հակաժողովրդավարական այս ընթացքէն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն կատարելու իրենց պարտականութիւնը, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնն է:
CATEGORIES Լիբանանեան

