Էհտենի Սպանդի 36-րդ Տարելիցի Նշում

1506EhdenԷհտենի մէջ անցեալ շաբաթավերջին նշուեցաւ Էհտենի սպանդին 36-րդ տարելիցը, որուն զոհ գացին նախկին նախարար եւ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ, կինը` Վերա, զաւակը` Ժիհան եւ խումբ մը զղարթացի երիտասարդներ:

Ֆրենժիէ ընտանիքին Էհտենի պալատի շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, անոր ընտանիքը, նահատակներուն հարազատները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը:

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Զղարթա-Էհտենի ծուխի հոգեւոր հովիւ հայր Ըսթֆան Ֆրենժիէ, որ իր քարոզին մէջ շեշտեց, թէ Թոնի Ֆրենժիէ նահատակուած է ի խնդիր ազգային համերաշխութեան եւ ամբողջ աշխարհին բացուելու քաղաքականութեան:

«Թոնի Ֆրենժիէ իր նահատակութեամբ վերջ մը չդրաւ, այլեւ` նոր սկիզբ բերաւ եւ Լիբանանի համար պայքարելու նոր ազդակ մը եղաւ», ըսաւ հայր Ֆրենժիէ:

Հոգեհանգիստէն ետք Սլէյման Ֆրենժիէ, իր ընտանիքին եւ մնացեալ նահատակներուն ընտանիքներուն կողքին ցաւակցութիւններ ընդունեց:

ՄԻՒՍ կողմէ, Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միջմարոնիական հաշտութիւնը երկու տարի առաջ կատարուած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ, սակայն այսօր հարցը քաղաքական է:

«Կը զօրակցինք Ռայի պատրիարքին կողմէ որեւէ առաջարկի, սակայն մարոնի ղեկավարութիւնները իրաւունք ունին քաղաքական կեցուածք ունենալու` մեկնելով ժողովրդավարական սկզբունքներէն: Բայց եւ այնպէս կը կասկածիմ, որ Փոփոխութիւն եւ բաեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը արդիւնք մը կարենայ ապահովել: Պէտք է սպասել Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութեան եւ ջանքերուն` գիտնալու համար, թէ ան ի՛նչ միտումներ ունի», ըսաւ Ֆրենժիէ:

 

Share this Article
CATEGORIES