Վարչապետարանին Մէջ . Եւրոպական Միութիւնը Կ՛Օժանդակէ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Կարողութիւններուն Ամրապնդումին

Համաձայնութեան յայտարարութեան ձեռնարկէն պահ մը
Հովանաւորութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որ ներկայացուած էր նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժով, վարչական բարեկարգումի նախարարութիւնը անցեալ շաբաթավերջին մեկնարկը կատարեց «Լիբանանի մէջ ընկերային կապուածութիւնը ամրապնդելու» խորագիրը կրող համաձայնութեան, որուն նպատակն է օժանդակութիւն յատկացնել Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան` ամրապնդելու համար իր կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել ընկերային ապահովագրութեան մատուցած ծառայութիւններուն որակը:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան
ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի, Քաղաքացիական ծառայութեան վարչութեան նախագահ Ֆաթիմա Սայեղ, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ եւ այլ պատասխանատուներ:
Իր խօսքին մէջ դոկտ. Կիտանեան ընդգծեց Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուած այս համաձայնութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ տրամադրուած 5,5 միլիոն եւրոն պիտի ծառայէ վիճակագրական աշխատանքին բարգաւաճման եւ ամրապնդումին:
Էխհորեսթ ուրախութիւն յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան տրամադրած ֆինանսաւորումը անհրաժեշտ գործի մը պիտի ծառայէ եւ առիթ պիտի տայ, որ ընկերային կապուածութեան ամրապնդման վերաբերեալ եւրոպական իրենց փորձառութիւնը բաժնեն Լիբանանի հետ:
Իր կարգին, Սըժաան Քազզի մաղթեց, որ Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնները ըլլան առիթ մը` բարելաւելու համար Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին տրամադրած ծառայութիւնները:
Ձեռնարկին աւարտին Տը Ֆրէյժ վարչապետ Սալամի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան:

