Պըրրի Ճիգ Չի Խնայեր Նախագահական Ընտրութեան Հարցով Համախոհութիւն Գոյացնելու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց լրատու գործակալութեան մը կողմէ Պըրրիի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ խորհրդարանի նախագահը ճիգ չի խնայեր նախագահական ընտրութեան հարցով համախոհութիւն գոյացնելու, ընդհակառակն` շաբաթական դրութեամբ նախագահական ընտրութեան նիստերու կը հրաւիրէ խորհրդարանը:

Նշենք, որ Պըրրի չորեքշաբթի, 18 յունիսին խորհրդարանը հրաւիրած է նախագահական ընտրութեան յատուկ նիստի մը, իսկ հինգշաբթի, 19 յունիսին` ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու օրէնսդրական նիստի մը:

 

Share this Article
CATEGORIES