Զօր. Աուն Հերքեց Փարիզ Այցելելու Հաւանականութիւնը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կտրականապէս հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ինք պիտի այցելէ Փարիզ` հանդիպում մը ունենալու համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր հանդիպումը բացառիկ եղած է` աւելցնելով, որ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենք կը գնահատեն Հարիրիի ի գործ դրած ջանքերը` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան տագնապը, ինչպէս նաեւ կը գնահատեն նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ անոր թափած ճիգերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

