Խորհրդակցութիւն` «Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքին Վերաբերեալ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով, կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ շաբաթ, 14 յունիսին, տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն` «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին վերաբերեալ: Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ազգային ժողովի ՀՅԴ, Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները, որոնք կը նպատակադրեն իրագործել Սահմանադրական դատարանի 2 ապրիլ 2014-ի որոշումը:
Մտքերու փոխանակման ընթացքին, Ազգային ժողովի պատգամաւորները իրենց դիրքորոշումը յայտնեցին փոփոխութիւններուն վերաբերեալ եւ ներկայացուցին առաջարկներ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան պատրաստակամութիւն յայտնեց նման քննարկումներ շարունակելու` համակարգին մէջ հարցերու համապարփակ լուծում տալու եւ կենսաթոշակային բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար:
Միւս կողմէ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտնած է, որ չի կարծեր, թէ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերուն հրապարակած պահանջները «աւելի ընդգրկուն են կամ օրակարգային», քան կառավարութեան հաստատած ծրագիրը: Էդուարդ Շարմազանով յայտնած է նաեւ, որ իշխող կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ոչ իշխանական չորս ուժերուն հրապարակած 12 կէտերէ բաղկացած պահանջներուն, սակայն այդ մասին յատուկ քննարկում եղած չէ: «Այդ կէտերուն մէջ կան ամփոխավարական առաջարկներ, որոնք մեզի համար ընդունելի չեն: Կան նաեւ կէտեր, որոնց կառավարութիւնը անդրադարձած է թէ՛ քննարկումներու միջոցով եւ թէ՛ քաղաքական ծրագիրներուն մէջ», յայտնած է Շարմազանով:
Վերջապէս, Շարմազանով ըսած է. «Եթէ մեր ընդդիմադիր գործընկերները կ՛ուզեն իրենց բոլոր առաջարկները իրականացնել, ապա անոր համար մէկ ճամբայ կայ` 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները»:

