Թուրքիա Նահանջող Զինեալներուն Դիմաց Իր Սահմանը Փակեց. Սուրիոյ Բանակը Քեսապը Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

1506kesabՍուրիոյ կանոնաւոր բանակը Գալատուրանն ու Քեսապը առաւ իր վերահսկողութեան տակ:

Սուրիական բանակը վերատիրացաւ նաեւ Քեսապի մէջ Սեւ Աղբիւրի սահմանային անցքին եւ տարածուեցաւ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ: Բանակը կը վնասազերծէ շրջակայ տարածքները` յառաջանալով Ժապալ Նըսր եւ Համրա շրջաններուն ուղղութեամբ:

Ժապհաթ Նուսրան եւ այլ զինեալ խմբաւորումներ նահանջեցին Քեսապէն, սակայն թրքական ուժերը փակեցին դէպի Թուրքիա անոնց նահանջի ճամբաները եւ չարտօնեցին մուտք գործել Թուրքիա: Զինեալները ստիպուած ուղղուած են դէպի արեւելք` Իտլիպի գիւղական շրջանները:

1506KessabՍուրիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտարարելով.«Քեսապ քաղաքին մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնուած են»:

Բանակը քաղաքին մերձակայ պարտէզներուն մէջ ականներ վնասազերծեց:

Ըստ «Մայատին»-ի, Քեսապի շրջանին 90 առ հարիւրը կը գտնուի բանակին վերահսկողութեան տակ, եւ զինեալներուն տիրապետութեան տակ կը մնան Սալման եւ քանի մը այլ շրջաններ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES