«Ճիշդ Չէ Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Անլոյծ Ըլլալուն Համար Մեղադրել Եւրոպական Միութիւնը» Ըսաւ Պարոսօ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ յայտարարած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է կարելի ամէն բան ընէ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման համար:
Պարոսօ «Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան` նոր կարելիութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով իր դասախօսութեան ընթացքին նաեւ ըսած է, որ ճիշդ չէ Եւրոպական Միութիւնը մեղադրել Ղարաբաղի հիմնախնդիրի անլոյծ ըլլալուն համար: Ան նշած է, որ այդ տագնապը այլ ուժեր ստեղծած են:
«Մենք կը փափաքինք, որ կողմերը հաշտութեան գան, եւ կը սատարենք այս ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան», յայտարարած է Պարոսօ:
Եւրոպացի գործիչը նաեւ նշած է, որ հակառակ քսանամեայ զինադադարին, առայժմ կողմերուն միջեւ հաշտութիւն ձեռք բերուած չէ:

