2014-ի Մոնտիալ. Տել Պոսքէ. «Մեր Մօտ Ամէն Ինչ Իր Կարգին Է»
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա բաւական ծանր պարտութեամբ սկսաւ 2014-ի Մոնտիալին իր տիտղոսը պաշտպանելու առաքելութիւնը, երբ 5-1 արդիւնքով բաւական մեծ եւ անսպասելի արդիւնքով տեղի տուաւ Հոլանտայի դիմաց:
Այս մրցումին արդիւնքը բաւական լայն արձագանգ գտաւ տարբեր մասնագէտներու շրջանակներուն մէջ, որոնցմէ շատերը առանց յապաղելու քննադատութիւններու ենթարկեցին Սպանիոյ մարզիչը` Վիչենթէ Տել Պոսքէն:
Սակայն Տել Պոսքէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ այդ պարտութիւնը պէտք է ընդունինք պարզօրէն: Սակայն ատիկա կատարելէ բացի պէտք է սրբագրեմ կատարուած սխալները: Ֆութպոլիստներն ալ հասկցան, որ պէտք է սրբագրենք կատարուածը: Այժմ մեր մօտ ամէն ինչ իր կարգին է»:
CATEGORIES Մարզական

