2014-ի Մոնտիալ. Սպանիոյ Եւ Հոլանտայի Ազգային Խումբերը 6666 Ծառ Նուիրեցին Սալվատորին
Ինչպէս ծանօթ է, 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մէջ նախորդ ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ Հոլանտա – Սպանիա մրցումը:
Այս մրցումէն առաջ Սալվատոր քաղաքին իշխանութիւնները հանդէս եկան հետաքրքրական առաջարկով մը:
Մրցումին ընթացքին նշանակուած իւրաքանչիւր կոլի դիմաց տեղւոյն իշխանութիւնները խոստացան 1111 ծառ տնկել:
Կոլառատ այս հանդիպումը աւարտեցաւ հոլանտացիներուն յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով:
Ասոր ի տես Սալվատոր մօտ օրէն պիտի սկսի ծառատնկումը եւ քաղաքին համալրումը 6666 ծառերով:
CATEGORIES Մարզական

