Աֆղանիստանի Մէջ. Թալեպանները 11 Մարդու Մատները Կտրած Են` Նախագահական Ընտրութեան Մասնակցելնուն Համար
Բրիտանական «Տը Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թալեպան շարժումը 11 մարդու ձեռքի մատներ կտրած է` իբրեւ պատիժ վերջերս Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին մասնակցելնուն համար:
Օրաթերթը կը նշէ, որ վայրագ միջադէպը տեղի ունեցած է արեւմտեան Աֆղանիստանի Հերաթ նահանգին մէջ, որուն բնակիչները մնացեալ աֆղաններուն նման շաբաթ օր մասնակցած են նախագահական ընտրութեան:
ՄԱԿ արդէն արձագանգած է քուէարկողներու մատներու անդամահատման` խստագոյնս քննադատելով արարքը:
Թալեպան շարժումը քաղաքացիներուն հրահանգած էր չմասնակցիլ ընտրութեան, որովհետեւ նախագահութեան երկու թեկնածուներն ալ մտադիր են ամրապնդել Միացեալ Նահանգներու հետ երկրին կապերը եւ յաւելեալ երկու տարի շարունակ Աֆղանիստանի տարածքին մէջ պահել հազարաւոր ամերիկացի զինուորներ:
Ընտրութեան վերջնական արդիւնքը յայտնի պիտի դառնայ 22 յուլիսին:

