Ռասմուսեն. «Իրաքի Մէջ Առեւանգուած Թուրք Դիւանագէտները Պէտք Է Անյապաղ Ազատ Արձակուին»

Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն

Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ բանակցութիւններէ ետք յայտնած է, որ Իրաքի մէջ իսլամական զինեալներու կողմէ առեւանգուած 49 թուրք դիւանագէտները պէտք է արագ կերպով ազատ արձակուին:

«Մենք խորապէս անհանգստացած ենք Իրաքի իրավիճակին առնչութեամբ եւ կը քննադատենք այդ յարձակումը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ ազատ արձակելու առեւանգեալները եւ կը ցանկանք զանոնք տեսնել հայրենիք վերադարձած: Ոչինչ կրնայ արդարացնել այդ յանցագործութիւնը», ըսած է Ռասմուսեն` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ-ը եւ Թուրքիան պիտի շարունակեն դիւանագէտներու առեւանգման հարցով խորհրդակցութիւնները:

Ռասմուսեն Տաւութօղլուի հետ բանակցութիւնները գնահատած է «դրական եւ կառուցողական»: «60 տարուան ընթացքին Թուրքիան մեր հիմնական դաշնակիցներէն է: Մենք քննարկած ենք հարցերու լայն շրջանակ մը, որ պիտի ըլլայ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի օրակարգին վրայ: Ակնյայտ է, որ մենք չենք կրնար անտեսել անվտանգութեան հարցերը, մեր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը` յատկապէս հաշուի առնելով վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները», նշած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

 

Share this Article
CATEGORIES