Ապպաս Կը Դատապարտէ Իսրայէլացի Երեք Պատանիներու Առեւանգումն Ու Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները

1606-West-BankԻսրայէլեան ուժերը երէկ Այսրյորդանանի մէջ առեւանգուած երեք իսրայէլացի պատանիներու փնտռտուքի ընթացքին շարունակեցին ձերբակալել Համասի գործիչներն ու ականաւոր դէմքերը:

Կը հաղորդուի, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը այժմ կը քննարկէ որդեգրումը շարք մը միջոցառումներու, ներառեալ` Համասի ղեկավարներուն Այսրյորդանանէն Կազա վտարումը:

Հրէական կրօնական դպրոցի երեք ուսանողները հինգշաբթի օր անյայտացած էին պաղեստինեան Հեպրոն քաղաքին մօտ: Իսրայէլացի մեծաթիւ զինուորներ փնտռտուքի հսկայական արշաւի մը ձեռնարկած են եւ կարգ մը շրջաններու մէջ տուն առ տուն խուզարկութիւն կը կատարեն: Անոնք անցեալ չորս օրուան ընթացքին աւելի քան 150 պաղեստինցիներ ձերբակալած են, ներառեալ` պաղեստինեան խորհրդարանի տասը անդամներ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու առեւանգումին համար Համասը ամբաստանեց, սակայն այդ առնչութեամբ որեւէ փաստ չներկայացուց: Ան ըսաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւս պատասխանատու է առեւանգումին, իսկ պաղեստինեան ազգային համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը առեւանգումին համար յարմար մթնոլորտ ստեղծած է:

Նեթանիահու երէկ Ապպասի հետ ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին Ապպասէն խնդրեց առեւանգեալներու փնտռտուքին եւ զանոնք առեւանգողներուն ձերբակալման օժանդակել:

Ապպաս երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց երեք իսրայէլացիներու առեւանգումը, սակայն նոյն ատեն դատապարտեց «իսրայէլեան իրերայաջորդ ոտնձգութիւնները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES