Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կայունութիւնը ամուր է եւ կարելի չէ զայն խախտումի ենթարկել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը դարձեալ ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Պեքաայի եւ Պաալպեքի վերեւ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մեհմեթ Շիմշեքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը փափաքի Մուսթաքպալ հոսանքին հետ գործակցութիւն ստեղծել` զայն երկրին շահերուն ծառայեցնելու միտումով:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այս շաբթուան ընթացքին պիտի չկարենայ նիստ մը գումարել, որովհետեւ անոր աշխատանքային մեքանիզմին մասին ցարդ համաձայնութիւն չէ գոյացած:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը պիտի վերսկսի մարոնի ղեկավարները համախմբելու աշխատանքին: Կը նախատեսուի, որ առաջին հանդիպումը ըլլայ հինգշաբթի, 19 յունիս 2014-ին` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ զօր. Միշել Աունի միջեւ խորհրդակցութիւնները հեզասահ կերպով կ՛ընթանան:
ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը Լիբանանը փորձանքի կրնայ ենթարկել. ան կոչ ուղղեց բոլոր ղեկավարներուն ստանձնելու իրենց բոլոր պատասխանատուութիւնները:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ ընդգծեց, որ կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին իսկ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու թղթածրարը պիտի վաւերացուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումին` աւելցնելով, որ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է գերագոյն շահերուն:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելու պատասխանատուութիւնը միայն քրիստոնեայ համայնքին պէտք չէ վերագրել:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» թերթին յայտնած են, որ Իրաքի մէջ տիրող պայմանները պատճառ պիտի դառնան, որ Լիբանանի մէջ գտնուող ահաբեկչական բջիջներ վերաշխուժանան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին քննարկուելիք գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարը:
ԵՐԷԿ յայտարարուեցաւ, որ պաղեստինեան Պըրժ Պարաժնէ գաղթակայանին մէջ բացայայտուած գետնուղին կ՛երկարի մինչեւ Սապրայի պաղեստինեան գաղթակայան եւ երկուքը իրարու կապող գետնափոր անցք մըն է:

