Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Պահպանելու Մեծն Լիբանանն Ու Անոր Բազմազանութիւնը Եւ Ժողովրդավարութիւնը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Անպա» օրաթերթին մէջ իր ստորագրած յօդուածով շեշտեց, որ կարելի չէ ժամացոյցին սլաքները ետեւ տանիլ եւ քաղաքակրթութենէ պետեւիութիւն վերադառնալ: «Իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է պաշտպանենք մեր երկիրը` Մեծն Լիբանանն ու անոր բազմազանութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով վերջ տալու քաղաքական երկրորդական եւ ամուլ նիւթերուն ու հարցերուն, որոնք երկրորդական են` բաղդատած Լիբանանի դիմագրաւած լուրջ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն:

«Ֆրանսական, բրիտանական եւ օսմանեան իշխանութիւնները, որոնք Լիբանանի վրայ կը բանեցուէին անցեալին, աւելի լաւ չէին, քան համայնքային եւ յարանուանական արիւնահեղութիւնը», դիտել տուաւ ան` ցաւ յայտնելով Իրաքի պարզած այսօրուան կացութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES