Մաշնուք. «Ռումիէի Մէջ Տիրող Ահաբեկչութեան Դէմ Պիտի Պայքարինք Եւ Վնասազերծենք Լարուած Այս Ականը»

Մաշնուք բանտի նոր շէնք ցուցանակին քողազերծումը կը կատարէ

Մաշնուք բանտի նոր շէնք ցուցանակին քողազերծումը կը կատարէ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ հիմնարկէքը կատարեց Ռումիէի բանտին մէջ այլ շէնքի մը կառուցման:

Մաշնուք շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը կը մնայ լիբանանցի քաղաքացիին իրաւունքը` մնալու քաղաքական այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ դատարկ է ոճրագործներէ:

«Լիբանանցիներուն իրաւունքն է նաեւ աղէտի մը դիմաց գտնուելու չափ խճողուած բանտեր չունենալ: Ռումիէի բանտը 2500 բանտարկեալի յատուկ է, իսկ այժմ հոն կը գտնուին 7800 արգելափակեալներ, ինչ որ վտանգաւոր է», ըսաւ ան:

Մաշնուք յայտնեց, որ իրենց կատարածը Ռումիէի կացութիւնը սրբագրելու համեստ սկիզբ մըն է, իսկ այս պարագային պատասխանատուութիւնը նախարարութեան մը կամ պատասխանատուի մը սահմաններուն մէջ չի սահմանափակուիր:

Մաշնուք ընդգծեց, որ իրենք կը միտին նաեւ արագացնել դատավարութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել բանտերուն արտակարգ խճողուածութիւնը:

«Ռումիէի մէջ տիրող ահաբեկչութեան դէմ պիտի պայքարինք եւ վնասազերծենք լարուած այս ականը», եզրափակեց Մաշնուք:

Share this Article
CATEGORIES