Սէյիտ Նասրալլա. «Մեր Սրբութիւնները Պղծող Արարքները Պէտք Է Վերջ Գտնեն»
«Լեպանոն Ֆայլզ» կայքին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա տարբեր անձնաւորութիւններու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած է, որ Իրաքի մէջ պատահածը խիստ մերժելի է: «Այլեւս վերջ գտած է այն ժամանակը, որուն ընթացքին մեր սրբութիւնները պիտի պղծուին, ըլլայ ան Նաժաֆի, Սամրայի կամ Քարպալայի մէջ:
«Մենք պատրաստ ենք Իրաքի մէջ նաեւ նահատակներ ունենալու եւ Սուրիոյ մէջ մեր ունեցած նահատակներուն հնգապատիկը ունենալու, որովհետեւ Իրաքի մէջ գտնուող մեր սրբութիւնները շատ աւելի կարեւոր են:
«Այնքան ատեն որ Սէյիտ անունով առաջնորդ մը կայ, Դիմադրութեան ուղեգիծ, Իրանի ժողովուրդ եւ կրօնաւորներ, ոչինչ պիտի պատահի աշխարհի տարածքին գտնուող մեր սրբութիւններուն», շեշտեց ան:
CATEGORIES Լիբանանեան

