Պու Սաապ Կը Պաշտպանէ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդին Իրաւունքները
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուսուցիչներուն պահանջները, ինչպէս նաեւ պետական քննութիւնները սրբագրելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ շեշտեց, որ ինք պիտի մնայ ուսուցիչներուն արդար իրաւունքները պահանջող ձայնը, աւելցնելով, որ անոնք տարիներէ ի վեր կը սպասեն իրենց աշխատավարձի յաւելումներուն եւ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է այլեւս վաւերացնել անոնց պահանջները:
Նախարարը հաստատեց, որ պետական քննութիւնները սրբագրելու եւ արդիւնքները հրապարակելու հարցը տարբեր է իր նախորդ կեցուածքէն եւ տուած որոշումներէն:
«Անկարելի է պետական քննութիւնները սրբագրել առանց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին համաձայնութեան: Պէտք է այլեւս վաւերացնել աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը», ըսաւ ան:
Կրթութեան նախարարը յայտնեց նաեւ, որ այս առումով ինք հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` շեշտելու համար, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը իր իրաւունքներուն կառչած պիտի մնայ:
Պու Սաապ նշեց նաեւ, որ այսօր կը սկսին պաքալորէայի քննութիւնները` աւելցնելով, որ պետական քննութիւնները կատարելը յաղթանակ էր թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ՛ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին համար, որովհետեւ անիկա ծառայած էր Լիբանանի ազգային շահերուն եւ փաստած բոլորին յանձնառութիւնը` կրթութեան մարզին նկատմամբ:
Իր կարգին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ իրենք անշեղ պիտի մնան պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իրենց որոշումէն, մինչեւ իրենց իրաւունքներուն վաւերացումը:
Ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ներկայ գտնուելու հինգշաբթի, 19 յունիսի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին եւ վաւերացնելու իրենց իրաւունքները:
Ղարիպ պահանջեց, որ 1996-էն ի վեր իրենց յաւելումները կատարուին` մերժելով սակայն բոլոր լիբանանցիներուն եւ յատկապէս համեստ դասակարգին Յաւելուած արժէքի տուրքի բարձրացումը:
Միւս կողմէ, Անձնական դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին ուսուցիչները իրենց կարելին ըրած են եւ նախանձախնդիր մնացած աշակերտներուն ստանալիք վկայականներուն նկատմամբ:
Մահֆուտ եւս մաղթեց, որ հինգշաբթի օրուան նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնել:

