Լիբանանցիները Պիտի Կարենան Ձրիօրէն Հետեւիլ Մոնտիալին

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հարպ շեշտեց, որ լիբանանցիները այսօրուընէ (երէկ) պիտի կարենան ձրիօրէն հետեւիլ մոնտիալին արբանեակային կայաններու սովորական բաժանորդագրութեան ընդմէջէն` առանց յաւելեալ գումարներ վճարելու պարտաւորութեան տակ դրուելու:

Հարպ ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը համախոհութեամբ հաստատեց, որ լիբանանցին պէտք չէ զրկուի մոնտիալի մրցումներուն հետեւելու իրաւունքէն:

Իր կարգին, Ժրէյժ յայտնեց, որ Քաթարի իշխանը նախապէս խոստացած էր Քաթար այցելող լիբանանեան պատուիրակութեան, թէ Քաթար իրաւունք պիտի տայ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին` սփռելու 2014-ի մոնտիալը:

«Լիբանանցիներուն իրաւունքը շատ աւելի առաջնահերթ է, քան առեւտրական ընկերութեան մը արտակարգ իրաւունքներն ու շահերը: Այդ ընկերութիւնները իրենց շահերուն հատուցումներ կրնան ապահովել` առանց ֆութպոլասէր լիբանանցին զրկելու իր իրաւունքէն», ըսաւ ան:

Ժրէյժ աւելցուց, որ Քաթար միշտ ալ օժանդակած է լիբանանցիներուն:

Միւս կողմէ, «Սամա» արբանեակային պատկերասփիւռի ընկերութեան ներկայացուցիչ Հասան Զէյն շեշտեց, որ իրենք լիբանանցիներուն նուիրած են մոնտիալին հետեւելու առիթը:

Share this Article
CATEGORIES