Զօր. Աուն Ընդունեց Ներքին Գործոց Նախարարը

Մաշնուք եւ զօր. Աուն
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ զօր. Աունի հետ երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ այդ խորհրդակցութիւններուն շնորհիւ շարք մը դրական դրսեւորումներ կան, ինչպէս` երկրին քաղաքական եւ կառավարական կայունութիւնը:
Մաշնուք հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները տակաւին կարիք ունին խորհրդակցութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել:
Ան նշեց, որ իրենք եւ զօր. Աուն համաձայն են, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն շուրջ կառավարութեան աշխատանքային մեքանիզմին գծով իրենց միջեւ հարց չկայ:
Մաշնուք աւելցուց նաեւ, որ երկու հոսանքներուն միջեւ երկխօսութիւնը նպաստած է նաեւ երկրին ապահովական ծրագիրին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ իրականացուցած կարգ մը նուաճումներ:
Մաշնուք հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամի կոչ ուղղած է կառավարութեան աւելի սեղմ կազմ մը ստեղծելու: Ան դիտել տուաւ, որ ինք պահանջած էր տագնապի լուծման յատուկ բջիջ մը ստեղծել:
«Մենք անհրաժեշտ նկատեցինք, որ սահմանադրական հաստատութիւնները շարունակեն իրենց աշխատանքի ընթացքը», ըսաւ ան:

