Վարչապետ Սալամ Իրլանտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Քենի եւ Սալամ

Քենի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Իրլանտայի վարչապետ Էնտա Քենին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քենի Իրլանտայի եւ Եւրոպական Միութեան մնայուն զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին, անոր միասնականութեան, գերիշխանութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդումին:

Քենի իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Սուրիոյ մէջ տիրող աղէտալի տագնապին առնչութեամբ եւ Իրլանտայի զօրակցութիւնը յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, «Պաապտայի յայտարարութեան», ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակող միջազգային խմբաւորումին աշխատանքին:

Քենի, որուն Լիբանան այցելութիւնը կը նպատակադրէ ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող իրլանտական խաղաղապահ ուժերու զօրամասին վիճակը ստուգել, յայտնեց, որ Իրլանտա պաղեստինցի գաղթականներու հարցերով զբաղող բարձրագոյն ներկայացուցչութեան երկու միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն մը կը կատարէ, պայմանաւ որ այդ օժանդակութեան կէսը յատկացուի սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող լիբանանցի համեստ ընտանիքներուն:

Իր կարգին, վարչապետ Սալամ լիբանանեան կառավարութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց յօգուտ հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան ծառայող իրլանտական խաղաղապահ ուժերուն եւ իր յանձնառութիւնը յայտնեց Լիբանանի ապահովութեան հսկելու առումով:

Քենի եւ Սալամ շեշտեցին երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջական գործակցութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES