Հայերը Սպիտակ Տան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կազմակերպեցին` Օպամայէն Պահանջելով Դադրեցնել Հալէպահայերուն Դէմ Յարձակումները

palez-600x450Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայութիւնը սուրիահայերուն սատարելու կոչով բողոքի ցոյցեր կատարեց Սպիտակ տան դիմաց:

Ցուցարարները կոչ ուղղեցին նախագահ Պարաք Օպամային` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու դադրեցնելու համար թիրախաւորուած ռմբակոծումները Հալէպի հայ բնակչութեան դէմ եւ բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը հայ համայնքի զգալի հատուածին համար հայրենիք հանդիսացող սուրիական հիւսիսային քաղաքներու վերահաս ոչնչացման մասին: «Հալէպի բնակչութիւնը կը տառապի անողոք ռմբակոծումներու պատճառով, իսկ Նոր գիւղի հայկական համայնքը կը գտնուի թրքական կառավարութեան կողմէ օժանդակուող ժիհատական խումբերու յարձակումներու ամբողջ ծանրութեան տակ: Ժամանակն է, որ նախագահ Օպամա արագ ճնշումներ գործադրէ Թուրքիոյ վրայ` ստիպելով դադրեցնել այս դաժանութիւնները», հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Լիպարեան:

Բողոքի ցոյցերը շարունակութիւնն էին 12 յունիսին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի նամակին` ուղղուած նախագահ Պարաք Օպամային: Նամակին մէջ Խաչիկեան Սպիտակ տան յորդորած էր «հարկադրաբար միջամտել` օժանդակելու Հալէպի արիաբար մաքառող եւ անպաշտպան բնակչութեան»:

Ան նաեւ Օպամայէն պահանջած էր «եկող շաբթուան ընթացքին արտակարգ նիստի հրաւիրել ամերիկահայ համայնքի կրօնական, քաղաքացիական, բարեգործական ընկերութիւններու եւ համայնքային առաջնորդներուն հետ` քննարկելու Հալէպի փրկութեան գործողութիւններու ծրագիրը»:

Հանրահաւաք` Թեհրանի Մէջ

1706-aliqԹեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի:

Ապա Իրանի քայլերգով եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ բիւրաւոր նահատակներու յուշարձանին մօտ սկսաւ բողոքի համահաւաք:

Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի խօսքը փոխանցեց փոխատենապետ Արա Շահնազարեան` կարեւոր նկատելով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան կողմէ դրսեւորուող զօրակցութիւնը սուրիահայութեան նկատմամբ:

Ձեռնարկին ներկաներուն խօսք ուղղեց Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան: Ան նշեց, որ այն, ինչ որ վերջին երեք տարիներուն տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ, անմարդկային քայլեր են ժողովուրդի մը ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան դէմ:

Պատգամաւորը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ ուժերը, որոնք ազգային եւ ժողովրդական ակունք չունենալով` կը հովանաւորուին այլ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ կողմէ, նպատակ կը հետապնդեն ոչնչացնել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անկախութիւնը: Պատգամաւորը աւելցուց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններէն ետք, երբ ժողովուրդի ձայներու մեծամասնութեամբ վերընտրուեցաւ Պաշար Ասատը, ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնցմէ հիմնականը` ՏԱՀԵՇ-ը, ժողովուրդի ընտրութենէն յուսախաբ ըլլալով իր թիրախը Սուրիայէն թեքեցին դէպի Իրան:

Բողոքի հաւաքին ընթացքին ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան:

Սրբազան հայրը նշեց, որ վերջին երեք տարիներուն խանգարուեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդի ստեղծագործ կեանքը եւ աւելցուց, որ խանգարման պատճառը այն է, որ Սուրիա վերջին աւելի քան 50 տարիներուն ընթացքին կանգնած է իբրեւ արաբական դատի եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպան:

Առաջնորդը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու արբանեակներու եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ ահաբեկչական արարքները, որոնց զոհ կ՛երթան խաղաղ բնակչութիւնը եւ սուրիահայութիւնը:

Այնուհետեւ իրաւաբան Թալին Պանտարի ընթերցեց օրուան յայտարարագիրը, որ յանձնուեցաւ Իրանի լրատուամիջոցներուն:

Բողոքի հաւաքին ներկայ էին նաեւ Իրանի խորհրդարանի Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, Թեհրանի Հայոց թեմի, Պատգամաւորական ժողովի թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներ եւ ուրիշներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES