Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Հարցով. Պաքուի Մէջ Թեժ Բանավէճ` Հայ Եւ Ազրպէյճանցի Խորհրդարանականներուն Միջեւ
Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի «Ռոզ-Ռոթ» սեմինարին մասնակցելու համար հայկական պատուիրակութիւնը Ազրպէյճան մեկնեցաւ` պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեանի գլխաւորութեամբ: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ազրպէյճանցի պատգամաւորներուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով ելոյթներու ժամանակ հայ պատգամաւորները առարկած են եւ խանգարած են Վեհաժողովի աշխատանքները: «Ազրպէյճանցի պատգամաւորները, հաւատարիմ մնալով իրենց երկրին նախայարձակ քաղաքականութեան, յայտարարութիւններ կատարած են «բռնագրաւուած» հողերու վերադարձի, Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» մասին, ինչ որ յառաջացուցած է հայ պատգամաւորներու դժգոհութիւնը: Կորիւն Նահապետեան իր ելոյթին մէջ պնդած է, որ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է ներգրաւուած ըլլան ոչ միայն Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը: Ան ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթութիւնը: Ազրպէյճանցի պատգամաւորները պատասխանած են, որ եթէ Հայաստան իսկապէս կը ձգտի անոր, ապա մէկ կողմ թող քաշուի, եւ Ազրպէյճան ինքը այդ հարցը պիտի լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ: Պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան առաջարկած է ծանօթանալ ՄԱԿ-ի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով 4 բանաձեւերուն, որմէ ետք Հայաստանը նախայարձակ կոչել:
Վեհաժողովի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզայի ելոյթը գայթակղութեան պատճառ դարձած է: Քննարկման ընթացքին Պրայզա յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները տակաւին չեն յաջողած փոխադարձ վստահութեան անհրաժեշտ մակարդակի հասնիլ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ փոխադարձ զիջումներու հասնելու համար: Ըստ Պրայզայի, թէեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը երկար տարիներ ջանքեր գործադրեց տագնապի լուծման ուղղութեամբ, սակայն խնդիրը տակաւին լուծուած չէ: Ան նշած է, որ անհրաժեշտ է աշխատանքը շարունակել` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման զինուորական ճամբու կիրարկումը նուազեցնելու համար: Ան կողմերուն կոչ ուղղած է համաձայնութեան ընդհանուր գիծերու հասնելու: Հայկական պատուիրակութիւնը ողջունած է Պրայզայի ելոյթը: Պատուիրակութեան ղեկավարը իր ելոյթին մէջ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է արձակազէնները հեռացնելու շփման գիծէն: Ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամ Գուղրաթ Հասանկուլիեւ, իր կարգին խստիւ քննադատած է Պրայզան եւ հայերը: Ան Պրայզային յիշեցուցած է, որ հայերը դէմ էին իր դեսպան ըլլալուն միայն այն պատճառով, որ կինը ազգութեամբ թուրք է: Թեւան Պօղոսեան իր ելոյթին ընթացքին հարց բարձրացուցած է Ռամիլ Սաֆարովի մասին:
Միւս կողմէ, ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը տեղեկացուց, որ այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան խումբ մը ազրպէյճանցի գործիչներ բողոքի ցոյց կազմակերպած են ընդդէմ հայ պատգամաւորներու Պաքու կատարած այցելութեան: Ցոյցը տեղի ունեցած է «Ֆոր սիսընզ» պանդոկին առջեւ, ուր կը մնային հայ պատգամաւորները: Ոստիկանութիւնը ցրուած է ցոյցի մասնակիցները եւ խլած է անոնց պաստառները:

