Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ պասքեթպոլի յանձնախումբը երկուշաբթի, 16 յունիսի իրենց միացեալ նիստին քննեցին շաբաթ, 14 յունիսին տեղի ունեցած պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կիսաւարտականի խաղը ընդդէմ Անդրանիկին եւ եզրակացուցին հետեւեալները.
ա.- Խիստ դատապարտելի է կարգ մը քաջալեր հանդիսատեսներու անախորժ եւ ոչ մարզավայել կեցուածքը իրարու նկատմամբ:
բ.- Մարզիկ-մարզիկուհիները պէտք է մարզական ոգիով եւ յարգանքով մօտենան իրարու:
գ.- Պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն կը խնդրենք աւելի արդար եւ փորձառու իրաւարարներ տրամադրել այսպիսի լուրջ խաղերու:
դ.- Ամէն ճիգ պիտի թափուի, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին:
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
CATEGORIES Մարզական

