Շումախըր Դուրս Եկաւ Մահաքունէն
Շուրջ վեց ամիս մահաքունի մէջ մնալէ ետք, «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի անուանի վարորդ Միքայէլ Շումախըր երէկ դուրս եկաւ մահաքունէն, կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը:
Անոր ընտանիքին անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Կրենոպլի հիւանդանոցին անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք այս ծանր եւ դժուարին շրջանին աջակցեցան Շումախըրին:
Ինչ կը վերաբերի ապագային Շումախըրի ապաքինման հոլովոյթին, ապա անիկա պիտի ըլլայ հեռու` հասարակութեան աչքերէն, կ՛եզրափակէ գերմանական աղբիւրը:
CATEGORIES Մարզական

