«Էն. Պի. Էյ.». Սան Անթոնիօ Սփըրզ Ախոյեան` 5-րդ Անգամ Ըլլալով
Երէկ յստակացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր ախոյեանին անունը, երբ աւարտական հանգրուանի հինգերորդ մրցումին Սան Անթոնիօ Սփըրզ 104-87 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթին:
Սփըրզ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ 4-1 արդիւնքով գերազանցեց Հիթը իր պատմութեան մէջ հինգերորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս` 31 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:
Այսպիսով, տիտղոսին տիրանալէ բացի, Սփըրզ իր մարզական վրէժը լուծեց Հիթէն, որմէ նախորդ տարեշրջանին աւարտականին պարտութիւն կրած էր:
CATEGORIES Մարզական

