2014-ի Մոնտիալ. Իտալիա – Ուրուկուէյ Մրցումը Կրնայ Յետաձգուիլ
Օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն պատճառով շատ հաւանական է, որ Իտալիա – Ուրուկուէյ 2014-ի Մոնտիալի մրցումը յետաձգուի, կը յայտնէ «Ֆութպոլ Իթալիա»-ն:
Այս մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ Նաթալ քաղաքին մէջ: Յորդառատ անձրեւներուն պատճառով քաղաքապետարանը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է, որովհետեւ անձրեւուն առատութեան պատճառով ջուրը լեցուցած է շարք մը շինութիւններ:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ շաբաթ եւս տեղատարափ անձրեւը շարունակուի, ինչ որ բնականաբար անկարելի կը դարձնեն այդ մրցումին կայացումը (երեքշաբթի, 24 յունիս):
CATEGORIES Մարզական

