2014-ի Մոնտիալ. Յաջորդ Մրցումին Հալքի Մասնակցութիւնը Հարցականի Տակ Է
Անգլիական «Սքայ սփորթ»-ի համաձայն, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահներէն Հալք, որ վնասուածք ստացած է փորձերուն ընթացքին, շատ հաւանաբար իր կազմին հետ դաշտ չկարենայ ներկայանալ Մեքսիքայի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին (այսօր):
27 տարեկան Հալք այդ վնասուածքը ստանալէն ետք իր փորձերը չկրցաւ շարունակել իր խմբակիցներուն հետ:
Սակայն Հալք, յոյս կը յայտնէ, որ իր մասնակցութիւնը կրնայ բերել Մեքսիքայի դէմ տեղի ունենալիք այս կարեւոր մրցումին:
CATEGORIES Մարզական

