Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վաղ Հրաւէր

Մինչեւ ապրիլ 2015… Անգարան բաւական ժամանակ ունի մտածելու եւ վերջնական որոշում մը տալու, թէ պիտի ընդառաջէ՞ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկին, որն է պաշտօնապէս մասնակցութիւն բերել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Հետեւաբար յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը արդէն իսկ իր օրատետրին մէջ ունի հրաւէր մը, որ կրնայ բաւական մելան հոսեցնել եւ բազմաթիւ վիճաբանութիւններու դուռ բանալ:

Արդարեւ, երեքշաբթի, մայիս 27-ին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, Հայաստանի նախագահը պաշտօնապէս հրաւիրեց իր պաշտօնակիցը` շեշտելով, որ եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հետաքրքրէ ճշմարտութիւնը, ուրեմն բնականաբար անոնք պէտք է որ Հայաստան ժամանեն եւ` «Ապրիլի 24-ին լինեն հայ ժողովրդին կողքին»: Միաժամանակ, Հայաստանի նախագահին կեցուածքը զուսպ էր: Ան շեշտեց, թէ այս հրաւէրով թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ոչ մէկ թշնամանք կայ, եւ թէ` Երեւան կը փորձէ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդները իրարու հետ կապեր հաստատեն ու գտնեն հաշտեցման ուղին: Դեռ անցեալ ապրիլ 24-ին էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «Հասարակաց ցաւ» բացատրութիւնը գործածելով` շեշտած էր, թէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն բոլոր ժողովուրդները ցաւով լեցուն դժուար ժամանակներ ապրած էին, եւ թէ` պէտք էր որ այդ ժամանակաշրջանին ապրուած ցաւերուն համար արդար, մարդկայնական եւ խղճամիտ կեցուածք որդեգրուէր…

Մինչդեռ, այդ յայտարարութիւններէն ամիսներ առաջ, Թուրքիոյ Աշխատաւորներու կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքը կը շարունակէր հաւաքներ եւ ժողովներ կազմակերպել եւ «միջազգային սուտ» որակել Հայոց ցեղասպանութիւնը` լուրջ հարուած մը տալով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին եւ անշուշտ` Զուիցերիոյ իշխանութեան:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն խօսիլ պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին, սակայն եթէ Անգարա հետաքրքրուած է ճշմարտութեամբ եւ թափանցիկ քաղաքականութեամբ, ուրեմն տեղին է, որ անոնք ժամանեն Հայաստան եւ սրտբացօրէն հայ ժողովուրդի կողքին ըլլան: Առ այժմ, Հայաստանէն յղուած հրաւէրը Էրտողանի գրասեղանի այդ կարեւոր ու շտապ թղթածրարներու շարքին չի պատկանիր: Նախքան այդ` կան ընտրութիւններ, որուն համար ան գործի լծուած է կատարելով այցելութիւններ:

Այնքան մը տարուած ու մտահոգուած իր ժողովրդականութեամբ, դեռ ան վերջերս ժամանած էր Գերմանիա` առանց տեղւոյն ղեկավարութեան հետ տեսակցելու, այլ պարզապէս` ընտրարշաւը կատարելու եւ տեղւոյն գաղութը ներգրաւելու:

Share this Article
CATEGORIES