2014-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Կը Պնդէ, Որ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Յետսապահը` Մաթէօ Տարմեան Հայ Է

1706-matteo_darmianԻր լուրը քաղելով ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, կը պնդէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահը` Մաթէօ Տարմեան, ազգութեամբ հայ է:

«Ա. Սէ. Միլանի սանը` Մաթէօ Տարմեան, որ 2011-էն ի վեր հանդէս կու գայ Թորինոյի կազմէն, 2014-ի Մոնտիալի ախոյեանութեան նախապատրաստութեան շրջանակներուն մէջ հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ ազգային խումբ եւ իր լաւ ներկայացումներուն պատճառով ընդգրկուեցաւ Մոնտիալին մասնակցող ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ», կը նշուի այդ հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ իտալական Լենիանօ քաղաքին մէջ ծնած Մաթէոյին հայ ըլլալուն մասին նախորդ բոլոր տեղեկութիւնները կը հերքուէին: Սակայն ներկայիս ՖԻՖԱ-ն եւ միջազգային շարք մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ կը պնդեն, որ 24 տարեկան ֆութպոլիստը իսկապէս ծագումով հայ է:

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալին ծիրին մէջ Իտալիա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Անգլիոյ: Մաթէօ Տարմեան այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ 90 վայրկեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES