Թենիս. «Տէյվիս-Քափ»-ի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Մաս Կազմեց Բ. Խմբակին
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանան մաս կազմեց թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի բաժակի մրցաշարքին Ասիա – Ովկիանիա շրջանին Բ. խմբակին` յաղթելէ ետք Մալեզիոյ` 3-0 արդիւնքով:
Յաջորդ հանգրուանին Լիբանանէն բացի, իրենց տոմսերը ապահովեցին Իրան, Սուրիա եւ Մալեզիա:
Իր կատարած այս իրագործումէն ետք, Լիբանան այսպիսով կարեւոր նուաճում մը արձանագրած կ՛ըլլայ միջազգային գետնի վրայ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ֆետերասիոնի անդամ Արեֆ Մարտինի: Խումբին մարզիչն է Հիւսէյն Պատրէտտին, իսկ մարզիկները` Պասսամ Պայտաս, Քարիս Ալայանի, Փաթրիք Շուքրի եւ Քամիլ Խալիլ:
CATEGORIES Մարզական

