ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ` ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ
Մտածումի առաջնորդող իւրաքանչիւր արարք բնականաբար իր ազդու անդրադարձը կ՛ունենայ իր շրջապատին վրայ:
Անհատական կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք նման եղելոյթներու, կ՛ոգեւորուինք, սրտեր թունդ-թունդ կ՛ելլեն, եւ քիչ անդին` ժամանակի թաւալքին հետ անոր ձգած ազդեցութեան տարողութիւնն անգամ ենթակայ կ՛ըլլայ շիջումի:
Սակայն, երբ հաւաքական մեր կեանքին մէջ ականատես կ՛ըլլանք ո՛չ միայն տրամադրութիւններու բարձրացումին, յուզաշխարհի բորբոքումին եւ մտածումներու սեւեռումին, այլ նաեւ` հաւաքական մեր երազանքներուն ամբողջ հոգեկանութեան ընդգծումին եւ իտէալներու ձեւաւորումին, այն ատեն տարբեր համ ու հոտ կը զգենուն այն բոլոր աշխատանքները, որոնց առանցքը ազգային մեր կեանքին առաւել աշխուժութիւնն ու թարմութիւնն է, հայօրէն ապրելու հաւատարմութիւնը, սեփական պատմութեան հանդէպ ցուցաբերուած երկիւղած մօտեցումը, ժողովուրդի առօրեան յատկանշող աղուորութիւնն ու ցեղային առանձնայատկութիւններու ամբողջ շտեմարանը:
Հաւանաբար ըսուի, թէ ինչպիսի՞ առնչութիւններ հարկ է տեսնել, յատկապէս վերոնշեալ ձեռնարկին առիթով, ընդգծելու համար շարք մը արժեչափեր եւ մտորումներ:
Պատասխանը պարզօրէ՛ն կը վերաբերի նոյնինքն ձեռնարկին հիմքը կազմող այն մտայղացումին, որուն բովանդակութիւնը կորուսեալ հայրենիքն է` Արեւմտահայաստանը իր օրրան Վանով, եւ գեղեցիկ արտայայտութեամբ մը` «Փառատօն ի քաղաքն Վան» հայաշունչ նախաձեռնութեամբ:
Արդ, ինքնայիշեցումի պատկերի մը դիմաց, հարկադրուած կը զգանք կատարելու խոստովանանք մը` առնչուած անցեալ տարեշրջանի մասնաճիւղի տարեկան բանակումին առիթով կատարուած ծնողական ակնարկութեան: Հոն առանց երկմտանքի կ՛ընդգծուէր կարեւորութիւնը հայկական մթնոլորտի ու շէնշող ապրումներու առաւել ճառագայթումին` սկաուտական կեանքին հետ առնչակից գործունէութիւններու առընթեր:
Իրօք, եւ հաւատարմօրէն, ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղը կ՛որդեգրէր մատնանշումը, եւ իբրեւ նշանակէտ` յանձն կ՛առնէր ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին ցուցաբերել հայկականութեամբ թաթաւուն սկաուտական կեանք եւ համոզումի վերածուած տարբեր տեսակի միջոցառումներ կատարելու լռելեայն յանձնառութիւն մը, որուն հաշուեկշիռին տիպար մէկ դրսեւորումը հանդիսացաւ վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը:
Ճիշդ է, որ մատուցուածը սիրողական մակարդակի թատերական ներկայացում մըն էր, ճամբորդութիւն մը դէպի հայրենի աշխարհ` զբօսաշրջութեան մը ծիրին մէջ, խումբ մը հայ երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած, սակայն խորքին մէջ արժանավայել ծանօթացումն էր Վան քաղաքի ու ժողովուրդի բարքերուն, առօրեային, կերուխումին եւ ապրելակերպին, այլապէս` մշակոյթին երգերու, պարերու, արտասանութեան թէ նուագի ընկերակցութեամբ:
Ընդգծում մը:
Եթէ երբեք գնահատանքի եւ արժեւորումի խօսք պէտք է արձանագրել, ապա անիկա պէտք է ընդգրկէ այն երեւոյթը, որով յատկանշուեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ընդմէջէն յստակօրէն կ՛արտացոլայ արժէքը նիւթին եւ հաւաքական աշխատանքի օրինակելի մօտեցումը:
Փաստօրէն, սկաուտական կեանքին համահունչ սոսկ ճամբորդութիւն մը չէր, այլեւ` դէպի հայրենիք երթալու արեան կանչ եւ ազատագրուած հողերը տեսնելու արդար ակնկալութիւն:
Յայտնապէս, հոգեգրաւ էին Վանայ լիճին մէջ լողացող մոկլիներու փափկութիւնը, արծուիկներու եւ գայլիկներու խրոխտ պարերը, պարման-պարմանուհիներու հպարտ մասնակցութիւնը, աւելի՛ն. մեծ ու փոքր սկաուտներու տարբեր գործիքներու վրայ նուագն ու երաժշտական ունակութիւններու յայտնաբերումը, առաւել եւս` կարգ մը սկաուտներու դերասանական ձիրքերը:
Տեղին է նշել, թէ այս բոլորի զօդող իրականութիւնը հայրենիքի կարօտն ու երազանքն էր, պատմութեան խորերէն արձագանգող հաւատամքը, նորահաս սերունդին մէջ ազգային գիտակցութիւնն ու ծառայութեան ոգիի աներեր ներկայութիւնը, պատկանելիութեան ու ազգային արժէքներու տէր կանգնելու հրամայական պահանջը. մէկ խօսքով` հայկականութեամբ գօտեպնդուելու անեղծ ըմբռնումը:
Իսկ, այս առիթով ի՛նչն էր առինքնողն ու ուրախացնողը հայ ծնողքին համար, որ երախտապարտ է եղած միշտ, քաջալերած ու թիկունք կանգնած ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կեանքին, եթէ ոչ այն մթնոլորտն ու դաստիարակութիւնը, նորարար եւ ստեղծագործ աշխատանքի մատուցումը, միութեան հանդէպ սէր ու խանդաղատանք ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը, գեղեցիկին ծառայելու գոհունակութիւնը, կարգապահութիւնն ու հաւաքական աշխատանքի մղելու խոր գիտակցութիւնը:
Այո՛, ամբողջ տարեշրջան մը, որ եղաւ հայաշունչ եւ մտերմիկ, ընկերականութեամբ յատկանշուող եւ գործունէութեամբ աշխուժ, զանազան ձեռնարկներու ընթացքին միութեան առաքելութեան եւ ծառայական ոգիին հետ հաշտ ըլլալու իրողութեամբ, հակառակ դժուարութիւններու, ահաւասիկ, մասնաճիւղը իր միաւորներուն օժանդակութեամբ` իր հայեացքները պէտք է ուղղէ դէպի նոր բարձունքներ, առանց ինքնագոհ հոգեվիճակներու, այլ պարզապէս տրուած խոստումին համար նոր թիրախներու ընտրութեամբ:
Արդ, բաւարար է ապրիլ ինքնութեան եւ ճանաչողութեան անաղարտ զգացողութիւնը, որպէսզի առաքելութեան եւ կոչումին փոխանցուին նորովի շունչ եւ իմաստ:
Մշակութանուէր կեանքի յաղթանակի ազդանշանը տրուած է արդէն, անկէ ետդարձը անընդունելի է առհասարակ:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ