Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Համբերութիւնը կարեւոր առաքինութիւն մըն է, որ իմաստութիւն կը նշանակէ: Աճապարանքով տրուած որոշումը ընդհանրապէս սպասուած արդիւնքը չի տար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամական խնճոյքի մը ներկայ պիտի գտնուիք: Եթէ անակնկալ միջադէպ մը պատահի, միջամուխ մի՛ ըլլաք կողմերը հանդարտեցնելու: Չէզոք մնացէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հարցերը պիտի ընթանան ըստ ձեր որոշածին: Սպասեցէք արդիւնքին` առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան դիմելու: Ամէն ինչ պիտի կարգադրուի ինքնաբերաբար:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առանձնանալու փափաք մը ունիք: Մեկուսացէք կարճ ժամանակ մը, բայց մի՛ մոռնաք, որ ընկերութեան մէջ կ՛ապրիք, անկէ հեռանալը անիմաստ կեցուածք է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տիրապետելու բնաւորութիւն ունիք, ձեր շուրջինները ստորադաս մի՛ նկատէք: Մարդկայնօրէն վարուեցէք ամէնուն հետ, որպէսզի յարգուիք: Իմաստութիւնը լաւագոյն խորհրդատուն թող ըլլայ ձեզի:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամուսնական կամ ընկերային կենսաձեւի պարագային, իւրաքանչիւրին տուէք իր արժէքը: Ամէնէն կարեւորը սիրալիր ըլլալն է: Մի՛ արհամարհէք ոեւէ մէկը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մէկ կրամ զգուշութիւնը առաջքը կ՛առնէ մէկ թոն տագնապի` հիւանդութեան թէ գործառնութեան կամ բարեկամութեան պարագային: Կանխազգուշութիւնը կենսաձեւի առաջնորդը նկատեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Համաձայնութիւն մը պիտի կնքէք աշխատանքային իմաստով: Ջանացէք յարգել ձեր պարտականութիւնները: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հրաւէր մը, ուր պիտի հանդիպիք ձեր գործերը դասաւորող անձի մը, գոհ պիտի մնաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք ձեզ առաջ մի՛ նետէք միջնորդութեան մը պարագային: Եթէ այդ հարցին լաւ ծանօթ չէք, կը սխալիք եւ ամօթով կը մնաք ուրիշներու դիմաց: Զգո՛ւշ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եղէք սննդականոնի: Հեռու մնացէք իւղոտ, պարարտ ճաշերէ, աղի-լեղի ուտելիքներէ: Թեթեւ անհանգստութեան պարագային դիմեցէք ձեր բժիշկին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ներկայ պիտի ըլլաք տարեդարձային հանդիսութեան մը` բարեկամի մը հրաւէրով, ուր ներկայ եղողները անծանօթներ պիտի ըլլան ձեզի, բայց պիտի օգտուիք անոնց վերաբերումէն եւ խօսքերէն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դատական խնդիր մը ունիք ընտանեկան կալուածի մը կամ ժառանգութեան մը հարցով: Պիտի ենթարկուիք պետական-պաշտօնական օրէնքին: Մի՛ ընդվզիք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES