50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1964)
Հալէպ
Ազգ. Հայկազեան Վարժարաններուն
Ցուցահանդէսը
Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարաններուն տնօրէնութիւնը արդար հպարտութեամբ ցուցադրեց աշակերտական ձեռային եւ գծագրական աշխատանքները 29 մայիսէն 5 յունիս, աղջկանց բաժնի ընդարձակ սրահին մէջ: Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 29 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր` Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի, կրթ. տնօրէնութեան ներկայացուցիչներու, պաշտօնական անձնաւորութիւններու, հայ եւ օտար վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցիչներու եւ գեղարուեստասէր հասարակութեան մը: Մուտքի ժապաւէնը կտրեց սրբազան հայրը, հրաւիրեալները նոյն միջոցին հաճոյքն ունեցան լսելու երիզագրուած սուրիական քայլերգը ու ապա մի առ մի տեսնելու եւ գնահատելու ներկայացուած աշխատանքները երեք վարժարաններու` բաժնուած երեք տաղաւարներու:
Առաջինը` մանկապարտէզը: Ան կը ներկայացնէր մանուկ աշխարհին տարուան մը ամբողջ ուսումնաբարոյական կեանքը` մանկավարժական արդի սկզբունքներու համաձայն:
Երկրորդը` մանչերու բաժինը: Հոս աւելի զարկ տրուած էր գծագրական աշխատանքներուն, իսկ երրորդը` աղջկանց բաժինը, ուր նկատելի էր աշակերտին բծախնդիր աշխատանքը ուսուցիչի հսկողութեան ներքեւ:
Սրահին մէջ կարելի էր գտնել մանկապարտէզի թոթովող փոքրիկին շինած խաւաքարտէ արդիական պողոտաներէն մինչեւ բարձրագոյն կարգի մանչուն տպաւորիչ գծագրութիւններն ու իւղաներկերը, մինչեւ մեծ աղջկան նրբին ձեռագործները, գծագրութիւններն ու զանազան տեսակի ակնհաճոյ եւ օգտակար ձեռային գործեր: Այս բոլորը` դասաւորուած այնպիսի ճաշակով, որ այցելուն վայրկեանի մը համար կը մոռնար, որ հեղինակները այդ բոլորին` անչափահաս, չորսէն եօթը եւ եօթէն տասներեք տարեկան մանչեր ու աղջիկներ էին: Ցուցահանդէսին փայլը աւելցուցած էին երիզագրուած աշակերտական խմբերգներն ու մեներգները, ինչպէս նաեւ` ամէն տաղաւարի մէջ, դպրոցական կեանքը պատկերացնող գունաւոր լուսանկարները: Մէկ խօսքով, ճաշակ եւ այժմէական ոգի միացած էին գոհացնելու ամէնէն բծախնդիր անձերն իսկ:
29 մայիսէն 5 յունիս Ազգ. Հայկազեան վարժարաններուն տնօրէնութիւնը սիրով տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւնները ցուցահանդէսը այցելող բազմաթիւ յարգելի անձնաւորութեանց եւ հարիւրաւոր ծնողներու` ընդունելով անոնց գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան քաղցր արտայայտութիւնները:
Ամէն այցելու հեռացաւ սերահէն խորապէս տպաւորուած հայ տղու ստեղծագործ ճաշակէն եւ ազգային վարժարանի տուած շինիչ դաստիարակութենէն:
Պէտք է խոստովանիլ, որ նման երեւոյթներ իսկական վայելքներ են մեզի` ծնողներուս համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Հալէպ
ԾԱՆՕԹ.- Մանչերու բաժնին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան արժանացան Ե. կարգի աշակերտ Ալեքսան Աւագեանի, Տարագճեանի եւ Սագգալեանի գծագրութեան գործերը:
Աղջկանց բաժնին մէջ գնահատանքի գործեր ունէին Զ. կարգէն Ատուր Աղճայեան, Հուրի Ճելլատեան:
Մասնաւորաբար ուշագրաւ էին Զ. կարգի աշակերտուհի Ռոզ-Մարի Պասմաճեանին շինած շաքարէ տունը եւ քովը վհուկը, դարձեալ Զ. կարգէն Էօժենի Թոսունեանի պիստակով շինած եղնիկները, Դ. կարգի աշակերտներու կողմէ կազմուած լուցկիի եւ սիկառի տուփերը եւ այլն, եւ այլն:
ՆՈՅՆ

